Շաբաթ, 27 Հոկտեմբեր 2012-ին Ֆրանսայի Նանսի քաղաքի ՀԱՅԱՍԱ
հայ համայնքի հրաւէրով Լիբանանէն Նանսի մեկնեցան
Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան անդամներ՝Վաչէ Փափազեան, Սուրէն Սարգիսեան եւ Մկրտիչ Եափուճեան:
Նոյն օրը տեղի ունեցաւ մասնաճիւղի հիմնադիր ժողովը՝ ներկայութեամբ 30 անձերու: Ժողովի ընթացքին Կեդրոնական Վարչութեան անդամները ներկայացուցին Համազգայինի առաքելութիւնը, նպատակը, կանոնագիրը եւ ժողովավարական օրէնքները։
Ժողովի աւարտին միաձայնութեամբ ընտրուեցաւ մասնաճիւղի առաջին վարչութիւնը՝ բաղկացած հետեւեալ անդամներէն.
Աւետեան Արթուր
Մովսիսեան Կարէն
Միրզոյեան Արման
Ադամեան Ռուզաննա
Պապայեան Անժելա
Շիրվանեան Թինա
Առաքելեան Աննա
Յաջողութիւն կը մաղթենք նորաստեղծ մասնաճիւղի վարչութեան աշխատանքներուն։