24-28 Յունիս 2009-ին, երեկոյեան ժամը 9:00-ին, «Քազինօ Տը Լիպան»ի սրահին մէջ տեղի ունեցան Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան «Քնար» պարախումբի «Չառլի Չափլին, Տը շոու մասթ կօ օն...» պարային հինգ ելոյթները:
Շաբաթ եւ Կիրակի օրերու ելոյթներուն ներկայ գտնուեցան Յունաստանի եւ Պելճիքայի դեսպանները, հոգեւորականներ, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ու Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան պատուիրակութիւնները, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Անդրանիկ Մսըրլեան, Ազգային ժառանգութեան եւ ֆոլքլորի պահպանման յանձնախումբի նախագահ Անթուան Ապու Ժաուտէ, Պիպլոսի, Էհտենի եւ Այնճարի փառատօներու ներկայացուցիչներ, բանաւոր ու գրաւոր մամուլի ներկայացուցիչներ, պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներ, կրթական պատասխանատուներ ու տնօրէններ եւ ժողովրդային հոծ բազմութիւն մը:
Տարբեր ազգերու պարերուն կողքին, հանդիսատեսները ծանօթացան Չափլինի տիպարին ու անոր մարդասիրական դիմագիծին: Ելոյթներուն հիմնական պատգամն էր իւրաքանչիւր երկրի մէջ ունենալ նոր չափլիններ՝ ծառայութիւններ մատուցելու համար ժողովուրդին:
«Չառլի Չափլին, Տը շոու մասթ կօ օն...» պարային ելոյթները իրենց բարձրորակ կատարումներով եւ այլազանութեամբ արժանացան ներկաներու ջերմ գնահատանքին: Ելոյթներուն ներկայացուեցան հայկական, ռուսական, արաբական, վրացական, իրլանտական, հնդկական եւ այլ պարեր:
Շաբաթ օրուան ելոյթին աւարտին բեմ բարձրացաւ Ազգային ժառանգութեան եւ ֆոլքլորի պահպանման յանձնախումբի նախագահ Անթուան Ապու Ժաուտէ, որ յայտնեց, թէ հայ ժողովուրդը, հակառակ շարք մը դժուարութիւններու, աշխատանքով կրցած է վերականգնիլ ու պահպանել իր արժէքն ու հարստութիւնները: Ան նկատեց, թէ «Քնար» պարախումբն ու իր պարուսոյց Ֆելիքս Յարութիւնեանը էապէս բարձր կատարում ունեցած են, ինչ որ արժանի է համապատասխան արժեւորման: Այս առիթով, Ապու Ժաուտէ յայտարարեց, թէ 14 Օգոստոսին մրցանակաբաշխութեան հանդիսութեան մը ընթացքին պիտի պարգեւատրուին «Քնար» պարախումբն ու պարուսոյցը, որոնք մեծ աշխատանք կը տանին՝ Լիբանանի մէջ տարածելու եւ բարձր պահելու պարարուեստը: «Քնար» պարախումբը պիտի ստանայ ոսկեայ յուշանուէրը՝ նկատուելով Լիբանանի տարուան լաւագոյն պարախումբը:
«Ազդակ օրաթերթ»