Անին՝ հազարումէկ եկեղեցիներու քաղաքը, Հայաստանի մայրաքաղաք հռչակուեցաւ շուրջ 1050 տարի առաջ, Բագրատունի Աշոտ Գ. (Ողորմած) թագաւորին կողմէ։ Ան գոյութիւն ունեցած էր Նոր քարի դարաշրջանէն, ու Միջին դարերուն դարձաւ մշակութային ու տնտեսական կարեւոր կեդրոն մը։