Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Սանահին» մասնաճիւղին, Ուրբաթ, 22 Օգոստոս 2014-ին տեղի ունեցաւ «KARAOKE NIGHT» Մոնթրէալի Հայ Կեդրոնի Ա. Ահարոնեան սրահէն ներս:
Ձեռնարկը կազմակերպուած էր նորագիր երիտասարդ համազգայնականներու կողմէ։ Ներկաներու ընդհանուր թիւն էր 80։ Նպատակն էր՝ երիտասարդներուն մօտ քաջալերել հայերէն երգելը։ Ամէն սեղանի վրայ կար ցանկ մը հարիւրաւոր երգերու. մեծ պաստառի մը վրայ ներկաները հետեւեցան իրենց ընտրած երգին բառերուն։ Բոլոր ներկաները անխտիր մասնակցեցան երգեցողութեան։
Բացման խօսքը կատարեց Բալիկ Պալեան, որ խօսեցաւ հայ երգի կարեւոր դերին մասին։ Օրուան հադիսավարներն էին Թալին Լատոյեան եւ Մանուկ Ալեմեան, որոնք հմտօրէն եւ ճոխ մթնոլորտ ստեղծելով վարեցին ձեռնարկը։
Գիշերը խանդավառեցին Ս. Յակոբ դպրոցի «Զարթօնք» նուագախումբի երգիչ-երգչուհիները, որոնք մեկնաբանեցին Element band-էն չորս երգեր։