Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան կազմակերպութեամբ, Հինգշաբթի, 28 Ապրիլ 2016-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանի շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ «Մեծ սովը» վաւերագրական ժապաւէնի ցուցադրութիւնն ու ներկայացումը, բեմադրութեամբ` Փօլ Ֆարշախին: Ձեռնարկին ներկայ էին պետական երեսփոխաններ, Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի ներկայացուցիչը, պատասխանատու մարմիններու ներկայացուցիչներ եւ հիւրեր:
Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Նանօր Տէր Սարգիսեան: Ան Համազգայինի անունով բարի գալուստ մաղթելէ ետք ըսաւ, թէ վաւերագրական ժապաւէնը լաւագոյն միջոցներէն է պեղելու թաղուած պատմութիւնը, որպէսզի օգտակար դառնայ նոր սերունդին եւ ժողովուրդի յիշողութեան: Ան յայտնեց, թէ նորօրեայ բարբարոսութիւնները հասկնալու համար, պէտք է վերականգնել անցեալը, հասկնալ ներկան եւ դիմաւորել ապագան:
«Պատմութիւն դառնալը առաքելութիւն մըն է` լուսարձակի տակ առնելու տառապանք մը, որուն մասին կը խօսուի արգահատանքով միջազգային շահերէն մեկնած», ըսաւ ան եւ աւարտեց իր խօսքը նշելով, թէ վաւերագրական ժապաւէնը կ՛ամփոփէ մարդկային խոր յոյզեր, որոնք կրնան չափանիշ ըլլալ երկրագունդի վրայ արդարութեան եւ համաշխարհային խաղաղութեան հաստատման: