Փարիզի Համազգայինի 80 ամեակի նուիրուած վերամուտի ձեռնարկներու շարքը սկսաւ Շաբաթ, 13 Սեպտեմբեր 2008-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, «Ռիւ Պլէօ»-ի Հայ Տան սրահին մէջ Փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեանի դասախօսութեամբ: Ան մասնաւորապէս Փարիզ ժամանած էր իր տիկնոջ Տքթ. Վարդիթերի հետ մասնակցելու Հայագիտութեան Միջազգային Ընկերակցութեան Գիտաժողովին, որ տեղի ունեցաւ Սեպտեմբեր 10-էն 12, Սորպոն համալսարանին մէջ: Այս առիթէն օգտուելով Փրոֆ. Յովհաննէսեան սիրայօժար ընդունեց իրենց Արեւմտահայաստան կատարած շրջապտոյտը ներկայացնել փարիզահայութեան:
Համազգայինի վարչութիւնը հրաւիրած էր նաեւ Նոր Սերունդի վարչութիւնը եւ անդամները, որպէսզի մասնակցին այս ձեռնարկին կազմակերպական աշխատանքին, տրուած ըլլալով որ նիւթը մասնաւորապէս կարեւոր էր ներկայացնել երիտասարդութեան: Մեծ թիւով հայ հասարակութեամբ լեցուած էր սրահը: Նկատելի էր Նոր Սերունդի երիտասարդութեան հետաքրքրութիւնը նիւթին նկատմամբ. անոնք ծնկաչոք գրաւած էին սրահին երկու կողմերը: Անոնցմէ ոմանք մօտէն ծանօթ էին դասախօսին մասնակցած ըլլալով Համազգայինի ֆորումներուն, եկած էին այսօրուան հրատապ նիւթերուն առնչութեամբ անոր տեսակէտները լսելու:
Համազգայինի վարչութեան ատենապետուհի Հերա Թոսունեան իր բարի գալուստի խօսքէն ետք Նոր Սերունդի երիտասարդական կազմին շնորհակալութիւն յայտնեց այս ձեռնարկին իրենց բերած աջակցութեան համար եւ խնդրեց Սեւան Մինասեանէն, որ դասախօսութեան ընթացքին պարբերաբար ֆրանսերէնով թարգմանութիւն կատարէ, ինչպէս խնդրած էր դասախօսը եւ շատ մը ներկաներ: Պէտք է այստեղ շեշտել, որ հայերէնէ ֆրանսերէն թարգմանութիւնը շատ հմուտ եւ հարազատ կերպով կատարեց երիտասարդ Սեւանը, որուն համար խիստ գնահատելի է:
Ռիչըրտ Յովհաննէսեան իր բացման խօսքէն ետք լուսանկարներու ցուցադրութեամբ ներկաները փոխադրեց մեր պապենական երկիրը: Ան ներկայացուց նիւթը շարունակ բաղդատական մը ընելով անցեալի Արեւմտահայաստանի եռուն կեանքին, քաղաքներուն, հայկական թաղերուն արդիական կառուցուածքին, տուաւ դպրոցներու օրինակներ եւ անհաշիւ եկեղեցիներու անցեալի նկարներ, մատնանշեց հայոց աշխարհի գեղեցիկ ու բերրի բնութեան բարիքները, ապա ներկայացուց այսօրուան այդ նո°յն շրջաններուն ցեղասպանութեան ու տեղեհանութեան ձգած ահաւոր պատկերը:
Աւերակները գիւղ առ գիւղ, քաղաք առ քաղաք ետեւ-ետեւի տողանցեցին՝ ցոյց տալով թուրք կառավարութիւններուն ծրագրումով՝ եկեղեցիներու, ամբողջ թաղերու քանդումը տարիներու ընթացքին, հայկական կեանքի եւ հետքերու անհետացումը, մէկ խօսքով՝ պատմական Հայաստանի մշակութային հարստութեան անէացումը: Ան նշեց, որ փոխած են այժմ հայկական գիւղերու անունները եւ մղոններու վրայ երկարող ամբողջ թաղեր վերակառուցուած են անհրապոյր շէնքերով, որոնք այսօր լեցուած են բազմահազար թուրք եւ քիւրտ ժողովուրդով:
Հակասութիւններ մատնանշելով, Յովհաննէսեան նշեց նաեւ, որ եղած են բարի թուրքեր, որոնք փրկած են հայ մանուկներ: Իր շրջապտոյտին ընթացքին լսած է թուրք կամ քիւրտ անհատներու վկայութիւնները ցեղասպանութեան մասին, նոյնիսկ կարգ մը գիւղերու մէջ ծանօթացած է մամիկներու, որոնք տակաւին կը յիշեն իրենց նախնիներէն երբեմնի հայկական շէն կեանքի մը գոյութիւնը, գիւղերու, քաղաքներու հայկական անուանակոչումները, նոյնիսկ հանդիպած է մամիկներու կամ երիտասարդներու, որոնք կը գիտակցին իրենց հայկական ծագում ունենալուն: Մեծ թիւով հայ առեւանգուած, սակայն կրօնափոխուած կիներու թոռներ գոյութիւն ունին այդ շրջաններուն մէջ. անոնք իրենք զիրենք կը կոչեն «դարձածներ» եւ նոյնիսկ դիմագիծով կը տարբերին թուրքերէն: Փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեան մատնանշեց նաեւ, որ այսօր թուրք ժողովուրդին մէջ ականատես կ°ըլլանք որոշ երեւոյթի մը՝ ներկայիս թուրք պատմաբաններ, գրագէտներ կ°անդրադառնան հայկական ցեղասպանութեան. ուսումնասիրութիւններ եւ գիտաժողովներ տեղի կ°ունենան, եւ թուրք մտաւորականներու մօտ այսօր որոշ գիտակցութեան յեղաշրջում մը յստակ նշմարելի է: Դասախօսը խօսքը եզրափակեց ըսելով. «Այս դանդաղ սակայն անսպասելի պատահարները բոլորիս համար նոր անկիւնադարձ մը ըլլալով, թուրք մեր սահմանակիցներուն հետ յարաբերութեան եւ ապագան դիմագրաւելու լուրջ հարցեր կը դնեն համայն հայութեան դիմաց»:
Ներկայացումէն ետք հարցումներուն մեծ մասը կը վերաբարէր հայ եւ թուրք յարաբերութեանց եւ այսօրուան «հայ եւ թուրք ֆութպոլի քաղաքականութեան» մասին... Յովհաննէսեան պարզեց որ ճիշդ այս հակասութիւններն են, որոնք այսօր կը զբաղեցնեն իր միտքը, եւ ան հարց կու տայ, թէ արդեօ՞ք պատրաստ ենք ազգովին եւ պետականօրէն դրացնութիւն ընելու Թուրքիոյ հետ եւ դիմագրաւելու Հայ Դատի մէկէ աւելի բարդ խնդիրները: Կա՞ն հայկական կողմին մօտ դիւանագիիական ծրագիրներ: Ի՞նչ պիտի ըլլայ սփիւռքին դերը: Արդեօք ժամանակը չէ՞, որ ապագայի նկատմամբ հայ ազգի ցեղասպանութեան եւ պահանջատիրութեան հանդէպ այսօր գոյութիւն ունենայ Հայաստան եւ Սփիւռք միասնական քաղաքականութիւն՝ ուսումնասիրուած հայ պատմագէտներու, դիւանագէտներու, քաղաքագէտներու կողմէ:
Ժամանակը ուշ ըլլալով հարցումները սահմանափակուեցան վարչութեան կողմէ: Փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեան իր տարիներու ուսումնասիրութիւններէն մեկնելով եւ այսօրուան իրադարձութիւններուն մօտէն հետեւելով՝ կը տագնապի հայ ժողովուրդի ցեղասպանութեան եւ Արեւմտահայաստանի պարպումի հաւաքական շահերը պաշտպանող մասնագէտներէ բաղկացած հայկական կողմի մը ակներեւ բացակայութենէն: Ան կը փորձէ արթնցնել սփիւռքի թէ Հայաստանի հայ միտքը դէպի հասուն ծրագրաւորուած դիւանագիտութիւն թուրք եւ հայ երկխօսութեան մը պարագային ամենաճարտար ձեւով պաշտպանելու հայկական շահերը:
Սելլա Թնճուկեան