Երեքշաբթի, 24 Մարտ 2015-ի ժամը 20։30-ին Փարիզի Ս. Յովհ. Մկրտիչ Մայր եկեղեցւոյ «Նուրհան Ֆրէնկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեանի դասախօսութիւնը, կազմակերպութեամբ «Համազգային»ի Փարիզի վարչութեան։ Դասախօսութեան նիւթն էր «Հայկական Կեսարիա եւ Փոքր Ասիոյ Հայկական Գաղութները»։
Վարչութեան կողմէ Հուրի Պաղտասարեան բացման խօսքին մէջ ներկայացուց օրուան դասախօսը, ապա խօսքը փոխանցեց անոր։
Ռ. Յովհաննէսեան նախ տուաւ իր ընտանիքին հակիրճ պատմութիւնը եւ յիշեցուց, որ անիկա կը ներկայացնէ ընդհանրապէս սփիւռքահայու պատմութիւնը։ Ներածական խօսքին մէջ տեղեկութիւններ տուաւ իր տարած աշխատանքներուն, կազմակերպած գիտաժողովներուն, հրատարակած գիրքերուն մասին։
Օրուան նիւթը կեդրոնացած էր այն հայկական համայնքներուն վրայ, որոնք պատմական Հայաստանէն դուրս կը գտնուէին, բայց դարերու ընթացքին արմատ նետած էին, ունէին կազմակերպուած կեանք, դպրոցներ, եկեղեցիներ, ինչպէս՝ Կեսարիա, Եոզկաթ, Քէօթահիա, Իզմիթ, Ատափազար, Իզմիր եւ բազմաթիւ այլ վայրեր։
«Կարեւոր գաղութներ ունէինք ամէն տեղ, ոչ միայն հայկական հողերուն վրայ, 6 վիլայէթներուն մէջ, այլ ամէ՛ն տեղ, եւ բոլորն ալ զարգացած էին, մեծահարուստ վաճառականներ եւ արհեստաւորներ էին, իրենց ապրած գիւղի կամ քաղաքի սերուցքն էին։ Նոյնիսկ եթէ 10 հազար բնակչութիւն ունեցող քաղաքի մը մէջ 4-5 հարիւր հայ կար, անոնք անպայմանօրէն ունէին իրենց դպրոցն ու եկեղեցին եւ կը ներկայացնէին բնակչութեան զարգացած մասը։ Խենթանալիք բան»,- ըսաւ իր խօսքի ընթացքին դասախօսը։
Ապա տեղի ունեցաւ նկարներու եւ ֆիլմի ցուցադրութիւն, որով փակուեցաւ այս շատ հետաքրքրական դասախօսութիւնը, որուն յաջորդեց հիւրասիրութիւն եւ գիրքերու մակագրութիւն։
Գ. Դ.