Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, Հինգշաբթի 3 Մարտ 2016-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» կեդրոնի «Գէորգ եւ Հերմինէ Արմէնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայ աշուղական արուեստը» նիւթով դասախօսութիւնը, զոր ներկայացուց «Սայաթ-Նովա» համոյթի գեղարուեստական ղեկավար փրոֆ. Թովմաս Պօղոսեան:
Փրոֆ. Պօղոսեան հաստատեց, որ աշուղական արուեստը, ժողովրդական երգերուն կողքին, հայ մշակոյթի ամէնէն հարուստ գանձարանն է, սակայն անիկա անուշադրութեան մատնուած է: Այս իմաստով, փրոֆ. Պօղոսեան ուզեց զանազանել աշուղական արուեստը նախ գուսանական արուեստէն, ապա ժողովրդականէն: Ան բացատրեց, թէ այս առաջին երկու արուեստները իրար նման են իբրեւ երգ յօրինելու արուեստներ, սակայն գուսանական արուեստը գոյութիւն ունի հեթանոսական ժամանակաշրջանէն ի վեր եւ ունի 3000 տարուան երգացանկ, որ կ՛ընդգրկէ հայ դիցաբանութեան պանթէոնի աստուածներուն դիւցազներգութիւնները, ինչպէս` «Վահագնի ծնունդը»: Գուսանական երգն ու երաժշտութիւնը կը յատկանշուին ազատ ոճով` չունին յանգաւորում եւ տաղաչափութիւն: Իսկ աշուղական արուեստը աւելի կարծր է, անոր մէջ ծանրակշիռ տեղ կը գրաւեն ճշգրիտ տաղաչափութեան դասական օրէնքները: