Ուրբաթ, 18 Մայիս 2018-ին տեղի ունեցաւ Համազգայինի «Սանահին» մասնաճիւղի «Գիրքը՝ մեր ընկերը, պատմութիւնը մեր երեւակայութիւնը» նշանաբանով ՝ «Փոքրերու պատմութեան ժամ»-ի աւանդական հաւաքը: Եօթը փոքրիկներ ուշիմօրէն ունկնդրեցին Յարութ Կիւլոյեանի ներկայացուցած պատմութիւնը՝ «Tony Ciango»-ի «Անձրեւի Հրեշտակը»:
Պատմութենէն առաջ ներկաներու անսահման կարելիութիւններուն եւ իրենց երեւակայութեան տեղի տալով, բոլոր փոքրիկներրը Պատմութեան ժամի պատասխանատու՝ Մեղրի Պագարեանի ցուցմունքներուն հետեւելով գոյնզգոյն թղթիկներով գրքոյկ կազմեցին: Ապա գրքոյկի իւրաքանչիւր էջին վրայ իրենց գծած պատկերացումներով հեքիաթ պատմողի իրենց անդրանիկ փորձերը կատարեցին: Պատմութեան վերնագիրը որոշելէ ետք, իւրաքանչիւր փոքրիկ իւրայատուկ գունագեղ էջերու միջոցաւ ներկայացուց իր պատկերացուցած դէպքը կամ ապրումները՝ յատուկ ոճով փոխանցելով իր ստեղծագործ ոգիին արդիւնքները:
Յետոյ բոլորը գորգին վրայ իրենց տեղերը գրաւելէ ետք, Յարութ Կիւլոյեանի շնորհիւ հետեւեցան, թէ ի՛նչպէս «Քրիսի»-ն՝ անձրեւի հրեշտակը, յաջողեցաւ ամպերէն անձրեւ տեղացնել, լիովին եւ հպարտօրէն կատարելով իրեն յանձնուած պարտականութիւնը:
Ուշադրութեամբ եւ կեդրոնացումով ունկնդրելէ ետք Քրիսի» հրեշտակին փորձութիւնները, փոքրիկները պատասխանեցին պատմողին հարցումներուն: Այսուհետեւ, անձրեւոտ օրերուն, «Քրիսի հրեշտակ»ին առաքելութիւնը միշտ վառ պիտի մնայ փոքրիկներուն յիշողութեան մէջ: Հանդիպումին աւարտին պատմողը իւրաքանչիւրին բաժնեց հրեշտակի զարդեղէն մը:
Ռոզմարի Սահակեան