Կազմակերպութեամբ Թորոնթոյի Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան «Գլաձոր» մասնաճիւղին, Կիրակի, 13 Նոյեմբեր 2011-ի երեկոյեան ժամը 6-ին, Հայ Երիտասարդական Կեդրոնի «Համազգային» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ հայ գեղարուեստական փառահեղ եւ հայաշունչ «Հայաստան Ասելիս....» երեկոն, մասնակցութեամբ Թամար Տօնապետեանի (ասմունք), Սոնա Գալթակեանի (ջութակ), Թալին Գըլըպոզեանի (դաշնամուր), Այլին Հերոսեանի (սոփրանօ), Մատիանա Թորոսեանի (քանոն), Ջիվան Ստեփանեանի (տուտուկ), Լոռի Նաճարեանի (պար) եւ Համազգայինի «Էրեբունի» պարախումբին. Ներկայութեամբ շուրջ 300 հայորդիներու:
Գեղարուեստական յայտագիրը բաժնուած էր չորս մասերու.- Ա-Լեռներ Հայրենի, Բ-Հայաստան Ասելիս..., Գ-Եղեռն եւ Վերածնունդ եւ Դ- Իմ Արմատները...: Յայտագիրը գործադրութեան դրուեցաւ շնորհալի եւ տաղանդաւոր ասմունքող Թամար Տօնապետեանի` Պարոյր Սեւակի «Բարեւ» խորիմաստ բանաստեղծութեան արտասանութեամբ, ապա Գէորգ Էմինի «Ա՜խ այս Մասիսը» բանաստեղծութեան արտասանութեամբ, դաշնամուրով ընկերակցութեամբ՝ Թալին Գըլըպոզեանի, որ նուագեց Սայաթ Նովայի «Քանի վուր ջան իմ»ը, դաշնամուրի ձեւաւորում՝ Գ. Սարաջեանի: Այնուհետեւ Թամար Տօնապետեան ասմունքեց Յովհաննէս Շիրազի «Հանճարեղ Խելագարը» բանաստեղծութիւնը, դաշնամուրով ընկերակցութեամբ՝ Թալին Գըլըպոզեանի – Choral Prelude in F. Minor, J.S. Bach: Ասմունքներուն յաջորդեց «Ղարաբաղի Եղնիկ»ը շնորհալի պարող Լոռի Նաճարեանի կատարողութեամբ. բեմադրութիւն՝ Վանուշ Խանամիրեանի:
Երկրորդ մասով, Թամար Տօնապետեան յաջորդաբար ներկայացուց Համօ Սահեանի «Հայաստան Ասելիս» եւ Եղիշէ Չարենցի «Ես իմ Անոյշ Հայաստանի» քերթուածները: Ապա Էտկար Պաղտասարեանի «Nocturne»ը (ցայգերգ) նուագեցին Սոնա Գալթակեան (ջութակ) եւ Թալին Գըլըպոզեան (դաշնամուր): Պարոյր Սեւակի «Հայաստան» բանաստեղծութիւնը ասմունքեց Թամար Տօնապետեան, դաշնամուրով ընկերակցութեամբ՝ Թալին Գըլըպոզեանի - «Prelude» (նախերգանք) Առնօ Բաբաջանեանէն: Լոռի Նաճարեանի բեմադրութեամբ՝ «Տօնական Հայաստան» պարով հանդէս եկաւ Համազգայինի «Էրեբունի» պարախումբը:
Յայտագրին երրորդ մասը՝ Եղեռն եւ Վերածնունդ, սկսաւ 10 վայրկեան դադարէ յետոյ: Թամար Տօնապետեան յաջորդաբար ասմունքեց Սիամանթոյի «Խեղդամահ» եւ Դանիէլ Վարուժանի «Հայհոյանք» բանաստեղծութիւնները, ջութակով ընկերակցութեանբ Սոնա Գալթակեանի, որ նուագեց Էտկար Յովհաննէսեանի «Յուշեր» կտորը: Ապա, Կոմիտասի «Քէլէ Քէլէ»ն ջութակով նուագեց Սոնա Գալթակեան եւ դաշնամուրով՝ Թալին Գըլըպոզեան: Թամար Տօնապետեան ասմունքեց Վահագն Դաւթեանի «Հաւատում եմ քեզ» բանաստեղծութիւնը, մինչ ցուցադրուեցաւ «Դէպի Երկիր» տեսաերիզը (նկարչութիւն՝ Ալին Տօնապետեանի եւ պատրաստութիւն՝ Յակոբ Գուզույեանի), որ խոր տպաւորութիւն թողուց հանդիսականներուն վրայ, ներկայ Հայաստանի, Արցախի եւ Արեւմտեան Հայաստանի քաղաքները, վանքերը եւ մեզմէ խլուած հողերը ցուցադրելով:
Յայտագրին չորրորդ մասը սկսաւ Թամար Տօնապետեանի կողմէ արտասանուած՝ Սարմենի «Ինձ մեր Սարերն են Կանչում» քերթուածով, շվիի ընկերակցութեամբ՝ Ջիվան Ստեփանեանի, որ նուագեց Կոմիտասի «Կաքաւիկ» կտորը: Ապա Խօսք՝ Աւետիք Իսահակեանի, «Բինգէօլ» երգը երգեց Այլին Հերոսեան, քանոնի ընկերակցութեամբ՝ Մատիանա Թորոսեանի եւ շվիի ընկերակցութեամբ՝ Ջիվան Ստեփանեանի, որուն յաջորդեց Խաչատուր Աւետիսեանի «Մախմուր Աղջիկ» երաժշտութիւնը, կատարողութեամբ՝ Մատիանա Թորոսեանի:
Այնուհետեւ, Այլին Հերոսեան իր սրտառուչ ձայնով երգեց «Քէլէ Լաօ» Սասունցիներու իրենց երկրին կարօտը արտայայտող երգը, տուտուկի ընկերակցութեամբ՝ Ջիվան Ստեփանեանի:
Թամար Տօնապետեան ասմունքեց Սիլվա Կապուտիկեանի «Քէլէ Լաօ» բանաստեղծութիւնը, ապա՝ Գէորգ Էմինի «Սասունցիների Պարը», ընկերակցութեամբ Համազգայինի «Էրեբունի» պարախումբի երիտասարդ անդամներուն, որոնք ներկայացուցին Սասունցիներու հերոսածին «Եարխուշտա» պարը, բեմադրուած՝ Լոռի Նաճարեանի կողմէ:
Յայտագրի վերջաւորութեան, մասնակցողները բեմ հրաւիրուեցան, արժանանալով ներկաներու բուռն ծափողջոյններուն: Փակման խօսքով հանդէս եկաւ Համազգայինի «Գլաձոր» մասնաճիւղի ատենապետ՝ Արշօ Արապաթեան եւ վարչութեան անունով շնորհակալութիւն յայտնեց յայտագրին մասնակցող բոլոր արուեստագէտներուն, բեմայարդար՝ Մատլէն Մովսէսեանին, տեսաերիզը պատրաստողներուն, ձեռնարկը կազմակերպելու օգնողներուն, եւ մանաւանդ՝ ներկայ ժողովուրդին, որոնք եկան պանծացնելու հայ մշակոյթը եւ քաջալերելու երիտասարդ արուեստագէտները:
Ներկաները գաւիթին մէջ հիւրասիրուեցան սուրճով եւ կարկանդակով, միեւնոյն ատեն դիտեցին Համազգայինի կերպարուեստի աշխատանոցի դասընթացներուն հետեւողներուն ստեղծագործութիւնները: Պէտք է հպարտութեամբ խոստովանիլ որ ներկայ եղանք Համազգայինի առաքելութիւնը արդարացնող պատուաբեր գեղարուեստական ձեռնարկի մը։ Շնորհաւորելի են կազմակերպողները եւ յայտագրին մասնակցող բոլոր արուեստագէտները, Վարձքերնիդ կատա'ր Համազգայինի զինուորագրեալներ:
Գրիգոր Հոթոյեան