14 Մայիս 2018-ին, Համազգայինի կազմակերպութեամբ, Վռամշապուհ Քիպարեան ներկայացուց «Տերսիմ ճանապարհորդութիւն եւ տեղագրութիւն» խորագրեալ հատորը, գրուած 1900 թուականին, հեղինակութեամբ՝ ճանապարհորդ Անդրանիկի:
1988-էն 1895, մի ոմն Անդրանիկ՝ ճամբորդած է Խարբերդի հիւսիսը գտնուող լեռնային Տերսիմի շրջանը, ուր կ’ապրէին քիւրտեր, ալեւիներ, հայեր, զազաներ... Քով-քովի բնակութիւն հաստատած էին ալեւի «Քիզիլպաշ» ցեղը եւ հայ «Միրագեան» տոհմը: Իւրայատուկ շրջան մը, բերդի մը նման, ուր Օսմանեան իշխանութիւները երկար տարիներ չկրցան թափանցել, բայց աւելի ուշ, 1936-1938 տարիներուն, Քեմալական բանակները յարձակեցան եւ բնաջնջեցին բնակչութիւնը:
Վ. Քիպարեան՝ գրքի թարգմանիչը նշեց. «Նկատի ունենալով որ այսօր ալ կը շարունակուի ժխտողական եւ ձուլման քաղաքականութիւնը, որոշեցի որպէս վկայութիւն թարգմանել ճամբորդական այս տեղեկագրութիւնը»:
Հարցում-պատասխանի բաժինով աւարտեցաւ երեկոյթը: