Հինգշաբթի, 17 Մարտ 2016-ին, Մոնթրէալի Հայ կեդրոնի «Ահարոնեան» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ Հայկազուն Եափուճեանի «Տառապանքի եւ յոյսի ապրումներ» գիրքին շնորհահանդէսը, կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Սանահին» մասնաճիւղի Գրական յանձնախումբին:
Բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկաւ, վարչութեան մօտ, Գրական յանձնախումբի ներկայացուցիչ՝ Անահիտ Պալեան, որ իր խօսքին մէջ նշեց, թէ «Սանահին» մասնաճիւղն ու Գրական յանձնախումբը, հաւատարիմ մնալով Համազգայինի առաքելութեան, միշտ քաջալեր կը հանդիսանան նման ձեռնարկութիւններու, ապա հրաւիրեց Սուրիայէն վերջերս Գանատա հաստատուած Մեղրի Պագարեանը, որ ընթերցէ Հայկազուն Եափուճեանի հակիրճ կենսագրականը: Մեղրի յիշեց, թէ Հայկազուն Եափուճեան բնիկ ռումտիկինցի է, ան կը պատկանի ցեղասպանութենէն մազապուրծ ազատած սերունդին, ունեցած է մշակութային բեղուն կեանք Լիբանանի մէջ եւ մահացած՝ 1986-ին: Անկէ ետք, Սոնա Թիթիզեան Կէտիկեան կատարեց գիրքին գրական վերլուծումը՝ անդրադառնալով անոր երկու բաժիններուն՝ որբանոցի կեանքին եւ որբանոցէն դուրս կեանքի ասպարէզին: Թիթիզեան ներկայացման ընթացքին կատարեց գիրքէն հետաքրքրական մէջբերումներ եւ շեշտեց, որ Ցեղասպանութեան 100-ամեակին հրատարակուած այսպիսի գիրք մը անհրաժեշտ է, որովհետեւ նոր եւ ապագայ սերունդին կը ներկայացնէ ոչ միայն Հայկազուն Եափուճեանի անձնական կեանքը, այլեւ մեր ազգին ամէնէն դժնդակ օրերու եւ վերապրումի պատմութիւնը:
Ձեռնարկը կը վայելէր ներկայութիւնը հեղինակին երեք թոռներուն՝ Հրայր, Ռաֆֆի եւ Վարանդ Եափուճեաններու, ինչպէս նաեւ երկու ծոռերուն՝ Սեւանի եւ Արմէնի։
Անահիտ Պալեան բեմ հրաւիրեց Հայկազուն Եափուճեանի երկու թոռները՝ Վարանդ եւ Հրայր Եափուճեանները փոխանցելու իրենց սրտին խօսքը եւ մեծ հօր կապակցութեամբ իրենց յուշերը:
Ձեռնարկի աւարտին, ներկաներէն ոմանք խօսք առնելով հեղինակին հետ կապուած յուշեր պատմեցին, ապա Վարանդ եւ Հրայր Եափուճեանները մակագրեցին գիրքէն օրինակներ, որոնք ըստ հեղինակի զաւակներուն փափաքին, նուիրուեցան ներկաներուն։
Համազգայինի «Սանահին» մասնաճիւղի վարչութիւնը իր խորին շնորհակալութիւնը կը յայտնէ Եափուճեան ընտանիքին եւ բոլոր ներկաներուն, որոնք նիւթական թէ բարոյական նեցուկով, քաջալերեցին գրական այս երեկոն։
«Սանահին» մասնաճիւղի վարչութիւն