Կիրակի, 16 Մարտ 2014-ի երեկոյեան ժամը 4:00-ին, Հալէպի «Զաւարեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Տաղ Հալէպ»-ին ասմունքի փառատօնին երկրորդ ներկայացումը` հովանաւորութեամբ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեանին, կազմակերպութեամբ Համազգայինի Սուրիոյ Շրջանային վարչութեան Թատերական միաւորի գրական յանձնախումբին, ղեկավարութեամբ բեմադրիչ Մանուէլ Քէշիշեանին:
Հալէպահայ փոքրիկներ, պատանիներ եւ երիտասարդներ մեկնաբանեցին Հալէպին նուիրուած բանաստեղծութիւններ եւ արձակ գրութիւններ, որոնց հեղինակներն էին հալէպահայ հանրածանօթ գրողներ: Մասնակից փոքրիկներն ու ծնողներէն ոմանք եւս գրած էին Հալէպին նուիրուած արձակ եւ չափածոյ գրութիւններ:
Ասմունքող փոքրիկները նկարագրեցին Հալէպի ողբը, կսկիծը, բայց նաեւ` ապրելու վճռակամութիւնը, մշակոյթը, բարի ժողովուրդն ու լաւատեսութեամբ խաղաղութիւն մաղթեցին «Երազային Հալէպ»-ին: