ԱՄՆ եւ Գանատա
Շրջանային Վարչութիւններ
ՖՐԵԶՆՕ.- Ուրբաթ, 8 Յունուար 2016-ի երեկոյեան տեղի ունեցաւ վիպասան Քրիս Պոհճալեանի նոր հատորին նուիրուած շնորհահանդէսը, Ֆրեզնոյի նահանգային համալսարանի «Փիթըրզ» թատերասրահին մէջ։
Ձեռնարկը կազմակերպուած էր Համազգայինի «Դանիէլ Վարուժան» մասնաճիւղին եւ համալսարանի Հայագիտական ամպիոնին համագործակցութեամբ։
Հակառակ տիրող ցուրտին եւ քանի մը այլ միջոցառումներու, մօտաւորապէս 100 համալսարանականներ, երիտասարդ եւ տարեց, հայ եւ ոչ-հայ, ներկայ էին լսելու Պոհճալեանի, իր նոր հրատարակուած գիրքին եւ Արեւմտահայաստան կատարած իր ճամբորդութեան մասին։
Փրոֆ. Պարլօ Տէր Մկրտիչեան՝ վարիչ-տնօրէնը համալսարանի Հայագիտական ամպիոնին, իր բացման խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց Համազգայինին եւ ներկաներուն, ապա ներկայացուց հեղինակը։