Հինգշաբթի, 16 Յունուար 2014-ին, Կլենտէյլի «Գրիգոր եւ Մարիամ Գարամանուկեան» երիտասարդական կեդրոնի «Իսահակ եւ Ժանէթ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Վրէժ-Արմէն Արթինեանի «Իմ Ուղեպատումը» գիրքի շնորհահանդէս-գինեձօնը:
Ձեռնարկը կազմակերպուած էր Համազգայինի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային վարչութեան, «Սարդարապատ» գրախանութի տնօրէնութեան եւ «Ասպարէզ»ի խմբագրութեան կողմէ:
Սրահը լեցուն էր: Գրող, մտաւորական ու ընթերցասէր հասարակութիւն մը հաւաքուած էր ունկնդրելու «Իմ Ուղեպատումը» գիրքի մասին Դոկտ. Վիգէն Եագուպեանի վերլուծական զեկոյցը եւ Թամար Թիւքէնկճեան-Սէրայտարեանի կողմէ ներկայացումը՝ քաղուածքներու ճամբով:
Հեղինակի կենսագրական գիծերը նեկայացուց ձեռնարկի հանդիսավարութիւնը ստանձնած, «Ասպարէզ» օրաթերթի խմբագիր Աբօ Պողիկեանը:
Ձեռնարկի սկիզբը եւ աւարտին հեղինակը սիրով մակագրեց իր գիրքը ունենալ փափաքողներուն օրինակները:
Քաղուած՝ «Ասպարէզ»էն
6 Փետրուար, 2014
Մանրամասնութիւնները կարդալ այստեղ: