Հովանաւորութեամբ ՀԱՅՈԳԻ մատենաշարին եւ միացեալ նախաձեռնութեամբ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան ու «Ազդակ»-ին, Շաբաթ, 19 Նոյեմբերին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Խաչատուր Աբովեանի «Վէրք Հայաստանի» վէպի մրցանքը, որուն մասնակցեցան հայկական վարժարաններու միջնակարգ եւ երկրորդական կարգի աշակերտներ:
2010-2011 կրթական տարեշրջանի աւարտին, «Վէրք Հայաստանի» հատորը նուէր տրամադրուեցաւ հայկական բոլոր վարժարաններու միջնակարգ եւ երկրորդական կարգի աշակերտներուն, միաժամանակ հրապարակուեցան այս առիթով կազմակերպուելիք մրցանքին մանրամասնութիւնները:
Մրցանքի բացումը կատարեց վէպի արեւմտահայերէնի փոխադրումը կատարած եւ մրցանքի դատական կազմի անդամ տոքթ. Արմենակ Եղիայեան, որ հարցարաններուն մասին աշակերտներուն ներկայացուց կարգ մը լուսաբանութիւններ: Ապա Համազգայինի հրատարակչատան եւ «Ազդակ»-ի կողմէ Յակոբ Հաւաթեան շնորհակալութիւն յայտնեց ՀԱՅՈԳի մատենաշարի պատասխանատու Խաժակ Գալուստեանին, որուն ցուցաբերած աջակցութեան շնորհիւ կարելի դարձաւ այս իւրայատուկ մրցանքը կազմակերպել: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ վարժարաններու տնօրէնութեանց` իրենց ցուցաբերած գործակցութեան համար, ինչպէս նաեւ շնորհաւորեց աշակերտները` իրենց մասնակցութեան համար: Ապա, շուրջ երկուքուկէս ժամ աշակերտները ամբողջացուցին գրաւոր հարցարաններու պատասխանները:
Մրցանքը ունէր երկու խմբաւորում` միջնակարգ եւ երկրորդական, մրցանակաբաշխութիւնը տեղի պիտի ունենայ 16 Դեկտեմբեր 2011-ին:
Դատական կազմի անդամներն են` տոքթ. Արմենակ Եղիայեան, Երուանդ Տէր Խաչատուրեան, Յովիկ Պերթիզլեան, Անդրանիկ վրդ. Կռանեան եւ Ժիրայր Դանիէլեան: