Երեքշաբթի, 14 Նոյեմբեր 2017-ին, Համազգայինի Մոնթրէալի «Սանահին ֆիլմի ակումբ»ի կազմակերպութեամբ, տեղի ունեցաւ հայրենի բեմադրիչ՝ Ջիւան Աւետիսեանի «Վերջին Բնակիչը» ֆիլմին ցուցադրութիւնը, Սբ. Յակոբ վարժարանի Բաստրմաճեան թատերասրահէն ներս։ Բեմադրիչն ու ֆիլմը ներկայացուց «Սանահին ֆիլմի ակումբ»ի տնօրէն Վիգէն Թիւֆէնքճեանը։
Ներկաները մեծ հետաքրքրութեամբ հետեւեցան ֆիլմին եւ բարձր գնահատեցին ֆիլմին պատգամը, որ մարդկութեան խաղաղ ապրելու մասին էր։ Ցուցադրութեան աւարտին, ներկաները առիթը ունեցան բեմադրիչին ուղղելու իրենց հարցումները։ Նշենք որ սոյն ֆիլմը, այս տարի Scandinavian Film Festival-ին արժանացած էր «Լաւագոյն գեղարուեստական ֆիլմ» եւ «Լաւագոյն դերասան» զոյգ մրցանակներուն։
Նոյն օրուան ընթացքին, բեմադրիչը առիթը ունեցաւ այցելելու Սբ. Յակոբ վարժարանի աւարտական դասարանի աշակերտներուն, Հորիզոն Շաբաթաթերթի խմբագրատունն ու Ազգային Առաջնորդարանը: