Հայ լեզուն հայ ինքնութեան աղբիւրն է: Դարերէ ի վեր, հաւատքի ու հայրենիքի կողքին, հայ լեզուն ու հայ գրականութիւնը, հայը պահած են հայ: Այդ լեզուն բիւրեղացնող ու մայրենիին նոր աւիշ ներարկող ազնուական հերոսներ են հայ արձակագիրներն ու հայ բանաստեղծները: 17 հոկտեմբեր 2017-ին, մոնթրէալահայ գաղութը ըմբոշխնեց նշեալ փաղանգի ներկայացուցիչներէն, յարգելի ու եզակի անձնաւորութեան՝ Վեհանոյշ Թեքեանին ներկայութիւնը: Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան «Սանահին» մասնաճիւղի գրական յանձնախումբին կազմակերպութեամբ, Գանատայի Ազգային Առաջնորդարանի դահլիճէն ներս, տեղի ունեցաւ հեղինակի «ԱՂՕԹՔՆԵՐ ՈՒՌԿԱՆԻ ՄԷՋ» եւ «ԽՕՍՈՂ ԼԵՐԱՆ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ» հատորներու շնորհահանդէսը, ներկայութեամբ գաղութիս գրասէր հանրութեան:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ գրական յանձնախումբի ներկայացուցիչ Անահիտ Պալեան, որ բարի գալուստի խօսքին մէջ յիշեց, թէ որպէս ժողովուրդ գոյատեւելու համար, անհրաժեշտ է լաւ ճանչնալ մեր արժէքները, պատմութիւնն ու գրականութիւնը, նաեւ գնահատել մեր մայրենի լեզուն նորոգող ու հարստացնող մտաւորականները, որոնք իրեց պայծառամտութեամբ կու գան լուսաւորելու մեր մտքերը եւ ազնուացնելու մեր հոգիները: Եւ անդրադառնալով մեր ժամանակակից գրականութեան համբաւաւոր արուեստագիտուհի՝ Վեհանոյշ Թեքեանին, Ա. Պալեան նշեց թէ հեղինակը, շատ յաճախ, համայնական տագնապ մը ունի եւ ընթերցողին պատգամ մը ունի փոխանցելիք. հետեւաբար պէտք է առիթը ստեղծել կարդալու՝ մտածումի նոր աշխարհի մը մէջ բացուելու համար: Ան ամփոփ տողերու մէջ, անդրադարձաւ Վեհանոյշ Թեքեանին կենսագրական գիծերուն եւ ընթերցեց 100- ամեայ բանաստեղծ՝ Ժագ Յակոբեանի տպաւորութիւնը՝ գրական մշակին մասին. «Վեհանոյշ Թեքեան հայ գրականութեան անդաստանին կը ներկայանայ ինքնատիպ եզակի բացառիկ գրիչով մը: Կարելի չէ միայն պարբերութեամբ մը, միայն էջով մը, նոյնիսկ գիրքով մը ներկայացնելէ ետք, վերջակէտ մը դնել. հետաքրքրական նիւթ է ան: Իր ժամանակի սերունդին առաջամարտիկն է թէ՛ իր բանաստեղծութեամբ, թէ՛ իր արձակով: [...] Իր գրիչէն լեզուական ճկունութիւն մը կը հոսի, որ կը յափշտակէ ընթերցողը: Այս առումով լեզուական նուաճում մըն է իր գրականութիւնը: Իր գրական հարուստ բերքով, գեղարուեստական փայլուն եւ ճկուն լեզուով, իր գիրին ուրոյն ոճով, իր իմացական աշխարհով, ան որոշապէս հաստատուն աթոռ մը ապահոված է հայ գրականութեան կաճառին մէջ»:
Ապա հանդիսավարը հակիրճ տողերով ներկայացնելէ ետք, Բագինի նախկին խմբագիրներէն, բանաստեղծ եւ գրական վերլուծական յօդուածներու հեղինակ՝ Յարութիւն Պէրպէրեանը, զինք հրաւիրեց բեմ որպէսզի ան անդրադառնայ Վեհանոյշ Թեքեանի բանաստեղծութիւններուն մասին եւ ներկայացնէ հեղինակի «ԱՂՕԹՔՆԵՐ ՈՒՌԿԱՆԻ ՄԷՋ» գիրքը:
Պէրպէրեան իր խօսքին մէջ նշեց. «Աղօթքը մարդուն ամէնէն խորունկ ու ներքին, նոյնիսկ անձնական ապրումներ ու մտածումներ կը պարփակէ. իսկ անոնց ուռկանի մէջ ըլլալը, կրնայ տարբեր՝ նոյնիսկ հակասական մեկնաբանութիւններու առաջնորդել: Աղօթքներ բռնուած, որսացուա՞ծ են հեղինակէն, թէ իրենք բռնուած են ուռկանի մէջ»: Ապա աւեցուց. «Իր բանաստեղծութիւններուն մէջ, հեղինակը շատ ճարտար ձեւով հիւմուրով եւ սրամտութեամբ կը յաջողի իր անձնական տագնապները վերածել գրականութեան: Անձնականէն անդին, անոր ներաշխարհին մաս կը կազմեն հայուն հաւաքական տագնապները ինչպէս նաեւ ընդհանրական կամ համամարդկային տագնապներ»: Իւրաքանչիւրին մասին անդրադառնալով ու գեղեցիկ օրինակներ մէջբերելով, Պէրպէրեան շեշտեց թէ այս գիրքին մէջ կան ուռկանին մէջ բռնուած եւ երբեմն ուռկանին ճեղքէն փախած աղօթքներ եւ անոր կողքին կան անոր արձագանգող սաղմոսներ, ուր ոչ միայն օրհներգութիւն կը տեսնենք, այլ ողբերգ եւ օգնութեան կանչեր, նշելով թէ բանաստեղծուհին շարունակ զրոյցի, վէճի, կասկածի թէ աղաչանքի մէջ է, թէ՛ իր տիրոջ՝ Աստուծոյ, թէ՛ իր սրբութիւններուն հետ: Եւ այդ ամէնը ան յաջողած է կատարել ձերբազատելով բանաստեղծական աւանդական ձեւերէն, ամբողջովին ինքնուրոյն նկարագիր մը տալով իր քերթողութեան:
Այնուհետեւ, Ա. Պալեան ներկայացուց գրական պարբերաթերթերուն մէջ իր ստորագրութիւնը կնքող այլ գրասէր դէմք մը՝ Րաֆֆի Աճէմեանը ու զինք հրաւիրեց բեմ, ներկաներուն ծանօթացնելու համար Վեհանոյշ Թեքեան արձակագիրը ու անոր «ԽՕՍՈՂ ԼԵՐԱՆ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ» հատորը:
Աճէմեան նախքան սոյն հատորի ներկայացումը, մէկ առ մէկ անդրադարձաւ Վ. Թեքեանի նախորդ արձակ գրութիւններուն՝ «ՃԵՂՔՈՒԱԾ ՄԱՆՐԱՆԿԱՐ», «ՆՇԱՆԱԳԻՐ» եւ «ՏՈՀՄԱԾԱՌ», մերթ ընթերցելով պատմուածքներէն հատուածներ, մերթ իր տպաւորութիւնները փոխանցելով: Ան շատ գեղեցիկ ձեւով յաջողեցաւ հարազատօրէն
փոխանցել հեղինակին իւրայատուկ շունչն ու քաղցր ոճը, շեշտելով թէ չորս հատորներն ալ յափշտակութեամբ կարդացուող պատմուածքներ են եւ հոն իշխող գիծը՝ հայրենիքն է ու հայ լեզուն: Աճէմեան նաեւ նշեց թէ ինչպէս Վեհանոյշ Թեքեան իր պատմուածքներուն ընդմէջէն կ'անդրադառնայ Պէյրութ քաղաքի կորուստին մասին, նոյնպէս ալ իր «ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆԻ ՎԵՐՋԻՆ ՃԳՆԱԺԱՄԸ» նշանաւոր գրութեամբ, ան կ'անդրադառնայ հայ լեզուին ու անոր կորուստին մասին: Իսկ ինչ կը վերաբերի «ԽՕՍՈՂ ԼԵՐԱՆ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ» հատորին մասին, Աճէմեան ըսաւ թէ ան կը համախմբէ զանազան առիթներով հեղինակին գրած կամ խօսած ուսումնասիրութիւնները: Հոն կան գրութիւններ ու վերլուծումներ մեր յայտնի գրողներէն Մեծարենցէն, Տէրեանէն, Վարուժանէն, Թէքէեանէն, Ժագ Յակոբեանէն, Մուշեղ Իշխանէն, Կարապենցէն եւայլն: «Եւ նկատի ունենալով, որ Թեքեան ինքն ալ գրող մը ըլլալու հանգամանքը ունի, յաւելեալ գոյն մը ու պատկառանք մը կու տայ գիրքին. հարազատութեան զգացում մը: Շատ յստակ է գրողին շունչը. նոյնիսկ սրտին բաբախումը ամէն մէկ տողին տակ, որովհետեւ վարակիչ սէր ու գուրգուրանք կայ այդտեղ գիրին, մասնաւորաբար արեւմտահայ գիրին հանդէպ»,- ըսաւ Աճէմեան:
Ապա Անահիտ Պալեան բեմ հրաւիրեց բազմատաղանդ ու բազմավաստակ հեղինակ՝ Վեհանոյշ Թեքեանը, որպէսզի ան փոխանցէ իր սրտի խօսքը:
Առաջին հերթին, Վեհանոյշ Թեքեան անդրադարձաւ թէ ինչպէս՝ Պէպօ Սիմոնեանի քաջալերանքով, ան յաջողած է իր դրոշմը դնել մեր ժամանակակից գրականութեան մէջ, թէ՛ որպէս բանաստեղծ, թէ՛ որպէս արձակագիր. եւ այսպէս՝ մեկնելով Գուրգէն Մահարիի, Կարիկ Պասմաճեանի եւ Ռազմիկ Դաւոյեանի գնահատանքներէն, ան հրատարակած է իր առաջին հատորը: Իր խօսքին մէջ, Վ. Թեքեան անդրադարձաւ հեղինակի մը առաջին հրատարակութեան կարեւորութեան մասին, եւ յանձնարարեց բոլոր գրել սիրողներուն, որ հրատարակեն իրենց գրութիւնները:
Այնուհետեւ ան իր շնորհակալական խօսքերը ուղղեց մոնթրէալահայ ջերմ գաղութին, Համազգայինի «Սանահին» մասնաճիւղի վարչութեան եւ անոր գրական ձեռնարկները կազմակերպող Անահիտ Պալեանին: Ապա ան նշեց թէ բազմանկիւն սփիւռքի, բազմերանգ քաղաքներու եւ բազմամշակութային միջավայրերու մէջ, հայ գրողը պայքարեցաւ եւ իր բնատուր տաղանդը կեանքի վերածելով, բաշխեց իր ժողովուրդին: Այսպէս էր պարագան Յարութիւն Պէրպէրեանին եւ Րաֆֆի Աճէմեանին, եւ այս տողերուն ընդմէջէն հեղինակը իր յատուկ շնորհակալութիւնները փոխանցեց անոնց: Ան երախտագիտութիւն յայտնեց Հորիզոն Գրականի նախկին խմբագիր՝ Վրէժ-Արմէն Արթինեանին, այժմու խմբագիր՝ Վիգէն Աբրահամեանին եւ Բագինի խմբագիր՝ Սոնիա Սանան Գիլեճեանին:
Վեհանոյշ Թեքեան պատկերազարդ ձեւով ներկայացուց Մեսրոպ Մաշտոցի հայ գիրերու գիւտով վերադարձը դէպի Հայաստան, շեշտելով անոր ընդմէջէն, այբուբենին բերած անմահութիւնը հայ ժողովուրդին: «Հայ Գրականութեան տունը մէկ է»,- ըսաւ ան,- «ճանապարհները, որոնք հոն կ'առաջնորդեն բազմաթիւ են եւ բազմերանգ, եւ մի միայն Հայերէն լեզուի ուժն է, որ տունը անառիկ ամրոց կը դարձնէ»:
Վեհանոյշ Թեքեանի խօսուն պատգամէն եւ բանաստեղծութիւններէն ետք, Անահիտ Պալեան յարգանքի ու շնորհակալական խօսքը ուղղեց հեղինակին, որ իր գեղեցիկ լեզուամտածողութեամբ ու դիւթիչ գաղափարներով հիանալի ձեւով փոխանցեց իր ապրումները: Ան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց Յարութիւն Պէրպէրեանին եւ Րաֆֆի Աճէմեանին, որոնք հմուտ ու բծախնդիր ձեւով ներկայացուցին հեղինակին զոյգ գիրքերը: Եւ գրական երեկոն փակեց, իր շնորհակալութիւնները փոխանցելով ներկաներուն իրենց ցուցաբերած հետքրքրութեան համար. քաջալերելով զանոնք ընթերցելու հայերէն, օգտուելով Վեհանոյշ Թեքեանի հետաքրքրական գիրքերէն:
Ձեռնարկի աւարտին տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն եւ գիրքերու մակագրումը հեղինակին կողմէ:
Անահիտ Պալեան