24 Հոկտեմբեր 2017-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Կլենտէյլի Հանրային Գրադարանի սրահէն ներս մէկտեղուած էր ընթերցասէր եւ գրականասէր հանրութիւն մը: Բոլորն ալ եկած էին ունկնդրելու հայ գրականութեան մտքի յեղափոխական՝ Վահէ Օշականի կեանքի պատմութիւնն ու բանաստեղծութիւնները:
Համազգայինի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային Վարչութեան կազմակերպութեամբ եւ Եու. Սի. Էլ. Էյ.-ի «Նարեկացի» Ամպիոնի համագործակցութեամբ ներկայացուեցաւ բեմադրիչ Հրայր Անմահունիի մօտաւորապէս քսան տարիներու վրայ երկարող աշխատանքը՝ «Վահէ Օշական՝ Միջնարար» (Vahe Oshagan: Between Acts) վաւերագրական շարժապատկերը:
Բացման խօսքը կատարեց Շրջանային Վարչութեան անդամ Վիլմա Սարգիսեան-Գույումճեան, որ այս եւ նման ձեռնարկներու կարեւորութիւնը ընդգծեց եւ ներկաներուն փոխանցեց, թէ Համազգայինը միշտ հետամուտ եղած է նման ձեռնարկներ իրականացնելու ու զանոնք հանրութեան ներկայացնելու: «Այսօր սրահէն ներս ներկայ են մտաւորականներ՝ հեղինակ եւ բեմադրիչ Հրայր Անմահունի, Եու. Սի. Էլ. Էյ.-ի «Նարեկացի» Ամպիոնի վարիչ՝ Դոկտ. Փիթըր Քաուի, Եու. Սի. Էլ. Էյ.-ի դասախօս՝ Փրոֆ. Յակոբ Կիւլլիւճեան, Հայաստանի Ամերիկեան եւ Պոսթընի համալսարաններու դասախօս եւ ֆիլմի թարգմանիչ՝ Թալին Ոսկերիչեան եւ անշուշտ ֆիլմի գլխաւոր հերոս՝ Վահէ Օշական»,--- ըսաւ ան:
Ապա՝ բեմ հրաւիրեց Դոկտ. Փիթըր Քաուին, որպէսզի գծագրէ Հրայր Անմահունիի կեանքն ու գործունէութիւնը: Ան կուռ ու միաժամանակ ամբողջական ձեւով ներկայացուց արուեստագէտին կենսագրութեան գլխաւոր կէտերը՝ Լիբանանէն սկսած, ուր Գեղարուեստի Ակադեմիան աշակերտած է մինչեւ հաստատուիլը ԱՄՆ, ուր արժանացած է Պսակաւոր Գեղարուեստից եւ Մագիստրոս Գեղարուեստից վկայականներուն: Անոր գործերը ցուցադրուած են Միացեալ Նահանգներու տարբեր շրջաններու, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ Տուպայի մէջ: Իբրեւ դասախօս Անմահունին հրաւիրուած է այլազան շրջաններ եւ մասնակցած է հայութեան (Ցեղասպանութեան) ցարդ անլոյծ մնացած հարցերու վերաբերեալ կազմակերպուած յատուկ ծրագիրներուն: Հիմնադիրն է Սան Ֆրանսիսքոյի «Հայկական Ֆիլմարուեստի Փառատօն»ին (Armenian Film Festival): 1986-էն ի վեր ստեղծագործած է վաւերագրական եւ արուեստին նուիրուած ֆիլմեր, որոնցմէ տասն աչքառու են իրենց լուրջ հարցադրումներով եւ բարձրորակ արուեստի կատարումով: Խորիմաստ է արուեստին մօտեցման իր եղանակը, քանի որ Անմահունին ըստ էութեան փիլիսոփայ է, որ գեղարուեստական միջոցներէն օգտուելով կը փորձէ արուեստի արտայայտչական հնարաւորութիւնները լուսաբանել եւ բնութագրել, որոնելով թէ ինչ առնչութիւն առկայ է արտաքին եւ ներքին մեր իրականութիւններուն միջեւ, որ արուեստի անօթով կը դրսեւորուի զգայարաններուն: Քանի որ գերազանցապէս հայկական թեմաներուն կը դիմէ այդ խնդիրները պարզելու նպատակով՝ պէտք եղած արձագանգը չէ ստացած ամերիկեան միջավայրէն, ինչպէս նաեւ մինչեւ հիմա իր արժանի գնահատանքը չէ գտած հայ հանրութեան առջեւ: Ատոր համար Քաուին շեշտեց, որ իր խորին համոզմամբ Անմահունիին արուեստը դեռ ճանաչողական մեծ արժէք ունի, ուստի այս երեկոյթին նման միջոցառումներ կազմակերպելը խիստ կարեւոր առիթ է ընկերութիւնը արուեստագէտին հետ հանդիպեցնելու համար:
Ներկաները մօտաւորապէս մէկ ժամ տեւողութեամբ դիտեցին «Վահէ Օշական՝ Միջնարար» ֆիլմը: Իրենց տեսակէտները արտայայտելու համար հոն էին Գրիգոր Պըլտեան, Մարկ Նշանեան եւ Գրիգոր Շահինեան, իսկ Վահէ Օշականի ներկայութիւնն ու ձայնը աւելի հարազատ դարձուցին ֆիլմը: Վահէ Օշական ի՛նք կը կարդար իր գրութիւններէն, բանաստեղծութիւններէն պատառիկներ, իսկ երեքը իրենց վերլուծումները կը կատարէին: Խօսելով Օշականի երկար ու կուռ կառուցուածքով «Օծումը» արձակին մասին երեքն ալ զիրար ամբողջացնող տեսակէտներ փոխանցեցին: Ըսին, որ Օշականին համար ամէնօրեայ կառոյցը ձանձրացուցիչ է, ախտ է, հետեւաբար թակարդ մը, որ մարդը մարդ ըլլալէ կը դադրեցնէ: Ըստ Օշականին, կառոյցը ինքզինք պէտք է նորոգէ, ուրեմն պէտք է հինն ու քարացածը քանդէ, նորը կառուցելու համար: Եւ այս քանդումը ներքին ահաբեկչութիւն է, գրական ահաբեկչութիւն է, սրբութիւնը պղծելու ահաբեկչութիւն է, որ միայն Վահէ Օշականի նման ճշմարտութիւն որոնող քաջը կրնայ ընել: Իսկ Օշական իր մշակած գրականութեան մասին անկեղծօրէն արտայայտուելով կ'ըսէ. «Գործ մը յաջողած կը նկատեմ, երբ քայլ մը աւելի կը մօտենամ ճշմարտութեան: Երբեք չեմ մտահոգուիր, թէ մարդիկ կը հաւնի՞ն գրածս թէ ոչ: Անորոշութեան դէմ իմ մղած տեւական պայքարն է, որ կ'արտացոլայ գրութիւններուս եւ բանաստեղծութիւններուս մէջ, ի վերջոյ ճշմարտութեան մերձենալու համար: Ըստ իս, գործ մը պէտք է դիմանայ հեղինակէն անկախ»:
Ֆիլմի աւարտէն ետք բեմ հրաւիրուեցաւ Յակոբ Կիւլլիւճեան, որ իր կարգին ընդգծեց, թէ Օշական մարդն ու գրականութիւնը իւրօրինակ են, բայց անհասկնալի չեն: Մարդ արարածը միշտ ալ ճշմարտութեան հասնելու փնտռտուքին մէջ է, սակայն իր նիւթական առօրեան յաճախ զինք կը հեռացնէ այդ մտածումէն: Օշական այդ մտածումով ապրած է ամբողջ կեանքը: Իր մշակած գրականութիւնը, անոր հանդէպ իր մօտեցումը եւ իմաստասիրութիւնը, այսօ՛ր, անկաշկանդ մտածող երիտասարդութեան սրտին աւելի մօտ են: «Այսօ՛ր Վահէին ժամանակը եկած է եւ նոր սերունդը մեծ հաճոյքով պիտի կարդայ իր գրականութիւնը»,- եզրափակեց Կիւլլիւճեան:
Ապա սկսաւ «լուսաբանական ասուլիս»ը ղեկավարութեամբ եւ մասնակցութեամբ՝ Փիթեր Քաուիին, Յակոբ Կիւլլիւճեանին եւ Հրայր Անմահունիին, որոնց Skype-ով միացաւ նաեւ Թալին Ոսկերիչեան, որ ընդհանրապէս խօսեցաւ թարգմանական աշխատանքի ընթացքին իր դէմ ցցուած դժուարութիւններուն մասին, սակայն «այդ բոլորը սիրով կատարելուս համար, հաճոյքի վերածուեցաւ աշխատանքի իւրաքանչիւր վայրկեան»,- ըսաւ ան:
Այս բոլորը ի մի բերող, ֆիլմի մը սահմաններու մէջ մէկտեղող եւ Վահէ Օշականի հետ պարզ հարցազրոյցէ մը անդին անցնող` արուեստագէտ եւ բեմադրիչ Հրայր Անմահունի` ներկաներուն նկատել տուաւ, որ Օշականի գրականութիւնը անժամանցելի է, եւ ճիշդ այդ պատճառով, որքան ալ երկար ժամանակ խլած է ֆիլմի պատրաստութիւնը, ի վերջոյ անոր յաջող աւարտը գոհունակութեամբ պարուրած է սիրտը: «Այս աշխատանքը իր տեսակին մէջ առաջինն է, հետեւաբար նաեւ առաջնորդը: Հաւանաբար շարունակուին հայ մշակոյթի մեծերուն նուիրուած ֆիլմեր», խոստացաւ ան: Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց Համազգայինին, որ խթան հանդիսացած էր այս ֆիլմը ճամբայ հանելու եւ Կիւլպէնկեան Հիմնարկին հետ հաւասարապէս ստանձնած էր անոր նիւթական հովանաւորութիւնը:
Ներկաները առիթ ունեցան հարցումներ ուղղելու Փիթըր Քաուիին, Թալին Ոսկերիչեանին, Յակոբ Կիւլլիւճեանին եւ Հրայր Անմահունիին, ապա ցուցադրուած ֆիլմին ու Օշականի գրականութեան մասին յաւելեալ լուսաբանութիւններ ստանալու համար:
Ձեռնարկի աւարտին բեմ հրաւիրուեցաւ Արա Օշական, որ վեր առաւ Հրայր Անմահունիի բծախնդիր աշխատանքը, որուն ընդմէջէն կ'արտացոլար իր հօր հարազատ կերպարն ու մտածումները: Ան իր երախտագիտութիւնը յայտնեց բեմադրիչին, Թալին Ոսկերիչեանին, ֆիլմին մաս կազմող գրագէտ-քննադատներուն, լուսաբանական ասուլիսը վարողներուն եւ Համազգայինի Շրջանային վարչութեան՝ այս առիթը ընծայելուն համար:
Ձեռնարկի աւարտին տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն, նաեւ գիրքի ու տեսերիզի վաճառք: