«Ազդակ»-օրաթերթի Երեքշաբթի, 9 Դեկտեմբեր 2014-ի թիւով, ուր մեզի այնքան հետաքրքրաշարժ կերպով կը ներկայացուի Համազգայինի «Արեգ» մանկական թատերախումբի խոստմնալից եւ ինչու չէ նաեւ տաղանդաւոր, մանուկ թէ պատանութեան սեմին գտնուող աշակերտութեան` ընդամէնը միամսեայ ջանքերով բեմադրուող Յովհաննէս Թումանեանի «Ծիտը» երաժշտական թատերակը` ղեկավարութեամբ եւ բեմադրութեամբ հեղինակ եւ գեղարուեստական ղեկավար Ռոպերթ Առաքելեանի, եւ այդքան ծաւալուն եւ ամբողջական կերպով յագեցուած հարցազրոյցէ ետք, կը մնար մէկ բան. չսպասել չափահասներուն վերապահուած շաբաթ իրիկուան ելոյթին, եւ միանալ Ճեմարանի նախակրթարանի աշակերտներուն, մասամբ զգալու, տեսնելու, շօշափելու հանդիսատեսին` մանուկ թէ չափահաս, հրամցուածը, բայց մանաւանդ ապրելու, մանկանալու եւ ըմբոշխնելու մանուկներու թատերական, անմիջականօրէն հաղորդական խանդավառութիւնը: