Կազմակերպութեամբ Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներու խնամակալութեան, Հինգշաբթի, 26 Մայիս 2016-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, տեղի ունեցաւ հայ երգարուեստի երիտասարդ ու տաղանդաւոր երգչուհի, սոփրանօ Շողիկ Թորոսեանի առաջին խտասալիկի շնորհահանդէսը:
Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներու տնօրէն Կարպիս Գապասաքալեանի ողջոյնի խօսքէն ետք յաջորդաբար խօսք առին խմբավարներ Գրիգոր Ալլոզեան եւ Պարգեւ Թասլաքեան երիտասարդ հեղինակը` Աշոտ Բագրատունի, արուեստագէտ Շողիկ Թորոսեան եւ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան տնօրէն Յակոբ Հաւաթեան:
«Հայ ժողովուրդի պատմութիւնը վկայ է, որ մենք կը նկատուինք այն առաջին ժողովուրդներէն, որոնք երգով արտայայտեր են իրենց զգացումները եւ ապրումները», ըսաւ Կարպիս Գապասաքալեան իր բացման խօսքին մէջ:
«Գուսան» երգչախումբի խմբավար Գրիգոր Ալլոզեան ներկայացուց երգչուհի, սոփրանօ Շողիկ Թորոսեանը, հայրենի երգահան Գէորգ Մանասեանը եւ «Վարդ մը գետինը» բանաստեղծութեան հեղինակ Աշոտ Բագրատունին:
«Շողիկին ձայնը աստուածատուր ձիրք է», ընդգծեց Ալլոզեան` յետադարձ հակիրճ ակնարկով նշելով արուեստագէտին ցարդ արձանագրած իրագործումները երգարուեստի մարզին մէջ: Ան իր խօսքը եզրափակեց Վահան Թէքէեանի «Ինչ որ տուի ուրիշին…» բանաստեղծական տողերով»: