Երեքշաբթի 4 Յուլիս 2017-ին, Մոնթրէալ ժամանեց աշխարհահռչակ հայ երգչուհի Սիրուշօն, ընկերակցութեամբ իր տնօրէնուհիին՝ Նունէ Խուրշուտեանի եւ գեղարուեստական ղեկավարուհի՝ Քրիստինա Աւագեանի։
Նախքան համերգի թուականը, իրենց կեցութեան երեք օրերուն ընթացքին, արուեստագէտն ու իր անձնակազմը առիթը ունեցան փորձեր կատարելու Համազգայինի Անի զոյգ պարախումբերուն եւ «Քնար» երգչախումբին հետ, որոնք արդէն ամիսներէ ի վեր կը պատրաստուէին համերգի մասնակցութեան, հիմնուելով Սիրուշոյի տեսահոլովակներուն վրայ, եւ հետեւելով իրենց ղեկավարներու ցուցմունքներուն։
Մոնթրէալի մէջ Սիրուշոյի առաջին մենահամերգը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 7 Յուլիսի երեկոյեան ժամը 8-ին, College Laval-ի «Marcelin Champagnat» սրահին մէջ։ Ձեռնարկը կազմակերպուած էր Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան վարչութեան կողմէ, սակայն կարելի պիտի չըլլար իրագործել առանց «Հորիզոն» Շաբաթաթերթի խմբագրութեան եւ յատկապէս խմբագիր Վահագն Գարագաշեանի կատարած միջնորդութեան եւ ճիգերուն։
Բարի գալուստի խօսքով, ձեռնարկին բացումը կատարեց Համազգայինի ատենապետուհին, որ իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Այսօր, Սիրուշոյի առաջին համերգով, Մոնթրէալի հայ համայնքը պատմական օր մը կ'ապրի, եւ իբրեւ վարչութիւն, ամէնէն մեծ գոհունակութիւնն էր տեսնել անցնող երեք օրերու ընթացքին, մեր պարախումբերուն եւ երգչախումբին անսահման խանդավառութիւնը, ուր առիթը ունեցան աստղի մը հետ բեմ բաժնելու փորձառութիւնը։
Ամբողջ ելոյթի տեւողութեան, արուեստագէտը կախարդեց 760 ներկաները իր ճոխ եւ բծախնդրօրէն մշակուած յայտագրով՝ ազգագրական, աշուղական եւ այժմէական երգացանկով, պարերով ու երգչախումբով։
Բացման պարը կատարեց Համազգայինի «Անի» պարախումբը իր բոբուրի պարով։ Համազգայինի «Քնար» երգչախումբը ընկերակցեցաւ երգչուհիին «301» երգով, իսկ զոյգ պարախումբերու տղաքը, իրենց այժմէական եւ աւանդական պարերու հմուտ շարժումներով թնդացուցին բեմը զարկ տալով Սիրուշոյի «Pregomesh», «Քէլէ Քէլէ», «Հու Հա», «Մհեր» եւ «Զարթօնք» երգերուն։ Իսկ աղջիկները իրենց նազ պարերով հարստացուցին բեմը «Կոզալ», «Շորորա» եւ «Էրօթաս» երգերով։
«Թամամ աշխարհ» երգին իր յատուկ մասնակցութիւնը բերաւ Մոնթրէալաբնակ յայտնի տուտուկահար՝ Վաղարշակ Ադամեանը։
Աւարտին, երկար եւ յոտնկայս ծափողջոյններէն ետք, բեմ բարձրացաւ ատենապետուհին եւ Համազգայինի վարչութեան անունով իր յատուկ շնորհակալութիւնները յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք սատարեցին սոյն ձեռնարկը յաջողութեամբ պսակելու գործին, սկսելով Սիրուշոյէն, որ ան կարողացաւ մէկ գիշերուան մէջ, մեզ փոխադրել Երեւանէն Կարս ու Անի, Սասուն ու Տէր Զօր եւ ամբողջ արեւմտեան հողեր։ Շնորհակալութեան շարքը շարունակեց բեմ հրաւիրելով Սիրուշոյին հետ ժամանած անձնակազմը, զոյգ պարախումբերու ղեկավարները՝ Էվա Հայրապետեան եւ Ճօ Աւագեան, «Քնար» երգչախումբի ղեկավար՝ Լորի Անթունեանը, եւ տուտուկահար Վաղարշակ Ադամեանը։ Յատկապէս շնորհակալութեան խօսք ուղղեց պարախումբի յանձնախումին ժրաջան աշխատանքին ու տոմսերու պատասխանատու՝ Սիլվի Մերճանեանին, եւ վերջապէս ներկաներուն, որոնք հաւատարմօրէն կը քաջալերեն Համազգայինի բոլոր ձեռնարկները բարձր գնահատելով վարչութեան անսակարկ աշխատանքը՝ հայ մշակոյթի պահպանման եւ Միութեան ոգին բարձր պահելու առաքելութեան մէջ։
Ներկաներն ու Սիրուշոն բարձր տրամադրութիւններով հրաժեշտ տուին անմոռանալի երեկոյին, ապագային դարձեալ տեսնուելու յոյսով։
«Սանահին» մասնաճիւղի վարչութիւն