Թամար Տօնապետեան Գուզուեան
Չորեքշաբթի՝ 5 Ապրիլի 2017-ն, Համազգայինի «Յ. Մանուկեան» գրադարանէն ներս տիրող թեման սէրն էր։ Թէ ինչպէ՞ս սէրը կը յայտնուի մեր գրականութեան էջերուն մէջ, կախում ունի գրողէն, իր ներաշխարհէն, մտածումներէն, միջավայրէն, փորձառութենէն, գրելու ոճէն...։
Սիրոյ երգիչը համարուած Վահան Թէքէեանի համար՝ «լաւագոյն սէրը այն սէրն է որ լռութեան մէջ կ՚անցնի». ինչպէս իր տողերը կը վկայեն՝ « Ես սիրեցի, սակայն սիրածներէս ոչ ոք գիտցաւ թէ՝ զինքը որքա՜ն սիրեցի. Ո՞վ կարդալ սիրտը գիտէ։» Ըստ Պարոյր Սեւակի՝ «Միշտ էլ սիրածին պատահաբար են պատահում կեանքում, ու հրաժեշտ են տալիս սիրածին անհրաժեշտաբար»։
Սեւակի ու Չարենցի համար սիրոյ խոստովանութիւնը եղած է անկաշկանդ ու շռայլ, ըլլայ այդ հանդիպման թէ հեռացումի խօսքերուն մէջ։ Վազգէն Շուշանեանի գրիչին տակ սէրը բոցավառ է ու կրքոտ մինչ Սիլվա Կապուտիկեան կը գրէ՝ «Ինձ շատ բան տուեց բախտը աշխարհում, Միայն չտուեց երջանիկ մի սէր»։ Կապուտիկեան մերթ ամուր է ու վճռական՝ «Ոչ չես կարող ինձ չես կարող մոռանալ» մերթ թոյլատու ու յանձնուող՝ «Թէկուզ ուրիշ գրկից, միայն արի արի» ու վերջ ի վերջոյ՝ «Սիրոյ անհուն առեղծուածը Չեմ կարենում հասկանալ, Սէրը՝ կորո՞ւստ, թէ՞ մի գանձ է, Չեմ կարենում հասկանալ…»:
Արժանթինահայ Ալիսիա Կիրակոսեանի գրականութեան մէջ, այնպէս կ՚երեւի թէ սէրը եղած է աւելի յիշողութիւն քան՝ ներկայութիւն.-
«Ինձանից այնքան ես բացակայ եղել,
Որ, ներիր, արդէն պէտք չէ քո սէրը…
Ու ես քեզ այնքան, անքան եմ յիշել,
Որ մոռացել եմ ներկայութիւնդ։»
Մանրամասնութիւնները կարդալ այստեղ: