Ուրախութեամբ կը յայտնենք, որ գնահատելով Համազգայինի տպարան-հրատարակչատան գործունէութիւնը եւ անոր առաքելութեան ընդարձակման ու բարգաւաճման ծրագիրներուն համար, Համազգային տպարանի բարերար Սէթեան ընտանիք 2010-2011 տարեշրջաններուն համար կը նուիրէ 25,000 ամ. տոլար։
Համազգայինի տպարան-հրատարակչատան տնօրէնութիւնը եւ խնամակալութիւնը շնորհակալութիւն կը յայտնեն Սէթեան ընտանիքին, որ իր բարոյական եւ նիւթական աջակցութեամբ մի՛շտ ալ սատար կը հանդիսանայ հաստատութեան վերելքին եւ առաքելութեան ծաւալման։
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ «ՎԱՀԷ ՍԷԹԵԱՆե
ՏՊԱՐԱՆ - ՀՐԱՏԱՐԱԿՉԱՏԱՆ
ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԽՆԱՄԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆ
9 Օգոստոս, 2010
Պէյրութ