Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան Չորեքշաբթի, 27 Ապրիլ 2016-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» կեդրոնի «Գ. եւ Հ. Արմէնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Սեւակեան երեկոյ» խորագիրով ներկայացում` նուիրուած բանաստեղծ Պարոյր Սեւակի կեանքին:
Թամար Սնապեան-Սուրճեան ներկայացուց Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարի տեղակալ եւ գրականագէտ Սերժ Սրապիոնեանը: Ան յայտնեց, որ լիբանանահայ գաղութի վարժարաններու երկրորդական դասարաններու աշակերտները առիթը ունեցած են լսելու Սրապիոնեանի բանախօսութիւնները հայ գրականութեան երեւելի դէմքերուն մասին: Թամար Սնապեան-Սուրճեան նաեւ անդրադարձաւ Զարեհ Խրախունիի նուիրուած յուշ երեկոյին, որ տեղի ունեցաւ երեքշաբթի, 26 Ապրիլին:
Թամար Սնապեան-Սուրճեանի ներկայացումէն ետք երկրորդականի երկու աշակերտներ` Սէրուժ Յովսէփեան եւ Աւօ Մարգարեան հերթաբար ասմունքեցին Պարոյր Սեւակէն երկու բանաստեղծութիւններ` «Մարդ էլ կայ, մարդ էլ» եւ «Իմ Ժողովրդին», եւ արժանացան ներկաներու բուռն ծափահարութեան:
Սերժ Սրապիոնեան աշակերտներուն կատարողութիւնը արժեւորեց իբրեւ «Սեւակի լաւագոյն մեկնաբանութիւնը»: Ան յայտնեց, որ վերոյիշեալ բանաստեղծութիւններուն ընտրութիւնը եւ ասմունքողներուն մեկնաբանութիւնը հիմնաւորեցին իր կազմած տպաւորութիւնը իր այցելած դպրոցներէն: Ան եզրակացուց, որ Սեւակը շատ ներկայ է լիբանանահայ գաղութի դպրոցներուն մէջ, սակայն Հայաստանի մէջ իր գործերը կարդացողները քիչ են: