12 Մարտ 2017-ին տեղի ունեցած է Համազգայինի Սերէսի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղի հաշուետու-ընտրական Ընդհանուր Ժողովը: Ներկայ գտնուած են Համազգայինի 23 անդամներ: Ժողովը բացուած յայտարարած է Վազգէն Յարութիւնեան։ Այնուհետեւ, ան ներկայացուցած է նախորդ նստաշրջանի ընթացքին կատարուած աշխատանքներու ամփոփ տեղեկագիրը, ծանօթացուցած է Նոյեմբեր ամսուն Աթէնքի մէջ կայացած Համազգայինի Ներկայացուցչական Ժողովի որոշումները եւ ընթերցած է շրջաբերականներն ու բանաձեւերը:
Ժողովի ժամանակ խօսուած է նաեւ շրջանի կիրակնօրեայ դպրոցէն ներս կատարուած եւ ընթացքի մէջ եղող աշխատանքներուն մասին: Այսպէս, նշուած է, թէ նախորդ տարուան ընթացքին յաջողութեամբ կազմակերպուած են երեք ծաւալուն մշակութային միջոցառումներ: Ժողովականները անհանգստութեամբ նշած են դպրոցի սակաւաթիւ աշակերտութեան քանակի հարցը՝ շեշտելով, թէ լուրջ աշխատանքներ պէտք է տանիլ, աշակերտներու թիւը համալրելու նպատակով։ Ներկայիս դպրոցը ունի կրտսեր եւ աւագ խումբեր: