Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան կազմակերպութեամբ, Կիրակի, 30 Օգոստոս 2015-ին Անթիլիասի կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» թանգարանին մէջ տեղի ունեցաւ Սարգիս Կիրակոսեանի յիշատակին նուիրուած ձեռնարկ` հանգուցեալի մահուան քառասունքի հոգեհանգստեան պաշտօնէն անմիջապէս ետք` ներկայութեամբ անոր ընտանեկան պարագաներուն, հարազատներուն, ազգային, միութենական ներկայացուցիչներու եւ ընկերներու:
Սարգիս Կիրակոսեանի յիշատակին նուիրուած ձեռնարկի բացման խօսքը արտասանեց Իրմա Տէտէեան: Ան յայտնեց, որ յուշ-հանդիպումը կը զուգադիպի Սարգիս Կիրակոսեանի մահուան քառասունքին եւ կը համախմբէ անոր անձը, գաղափարը, վաստակը յարգող բարեկամ ծանօթներ, ապա աւելցուց, որ Սարգիս Կիրակոսեանի անդարձ մեկնումով լիբանանահայ մեծ ընտանիքը կորսնցուց սփիւռքահայ բանաստեղծ մը, գրականագէտ մը, կրթութեան եւ մշակոյթի մշակ մը, խմբագիր մը, հայոց լեզուի, զոր կը խնամէր բծախնդրութեամբ ու սիրով, մեծ պաշտպան մը, կորսնցուց վաստակաւոր ուսուցիչ մը: Սարգիս Կիրակոսեան մեկնեցաւ այս աշխարհէն վաղաժամ մահով մը` շատ ծրագիրներ ու գործ կիսատ ձգած: Մեզի մնաց եւ պիտի մնայ անոր վառ յիշատակը: Ի. Տէտէեան հաստատեց, որ լիբանանահայ գաղութը երախտագիտութեամբ անոր վաստակը պիտի արժեւորէ ու ապրեցնէ:
Բացման խօսքէն ետք հայր Վահրիճ վրդ. Ղարախանեան ապրումով ասմունքեց Սարգիս Կիրակոսեանի գրական անդաստանէն բանաստեղծութիւններ: Ապա Աւետիս Ագրապեան մեկնաբանեց «Երբ ալեկոծ» երգը` դաշնակի ընկերակցութեամբ Յարութիւն Մկրտիչեանի: