Վարագոյրը բացուեցաւ, եւ ահա բեմին վրայ առաջին անգամ ըլլալով կանգնած էր «Սայաթ-Նովա» աշուղական երգի վաստակաւոր համոյթը իր շքեղութեամբ, վեհութեամբ ու արտասովոր հմայքով: «Սայաթ-Նովա» համոյթը իր յաղթական խրոխտ կեցուածքով տակաւին կատարումները չսկսած կարծես կ՛ապացուցէր, որ իր ստեղծագործական կորովը կը ծառայէր հայ ժողովուրդին եւ անոր մշակոյթի զարգացման ու պահպանման: Եւ ահա հնչեց Սայաթ Նովայի «Քամանչա» երգը եւ իսկոյն թրթռաց լիբանանահայ հանդիսատեսին սիրտը:
«Սայաթ-Նովա» աշուղական երգի վաստակաւոր համոյթին աշուղական եւ հայրենասիրական երգերու այս աննախադէպ համերգը կազմակերպած էր Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը: Համոյթի գեղարուեստական ղեկավարն էր Հայաստանի Հանրապետութեան ժողովրդական արուետագէտ, փրոֆ. Թովմաս Պօղոսեան, իսկ գործիքային բաժինի ղեկավար` Հայաստանի Հանրապետութեան վաստակաւոր արուեստագէտ եւ քամանչահար Վարդան Պաղտասարեան: Համերգը տեղի ունեցաւ Կիրակի, 28 Փետրուար 2016-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Էմիլ Լահուտ» սրահին մէջ: