Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Բ. Կանաչեան» երաժշտական քոլեճին, Երկուշաբթի, 8 Փետրուար 2010-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Համազգայինի «Լ. Շանթ» մշակութային կեդրոնի «Գ. եւ Հ. Արմէնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ջութակահար Յակոբ Էսմերեանի յիշատակին նուիրուած երեկոյ՝ ներկայութեամբ Լիբանանի պետական երաժշտանոցի տնօրէն դոկտ. Ուալիտ Ղոլմիէի, պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներուն, հայ թէ օտար արուեստասէրներու, արուեստագէտներու, Յ. Էսմերեանի ընտանեկան պարագաներուն եւ համազգայնականներու:
Յակոբ Էսմերեանին եւ իր մօր յիշատակը մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգելէ ետք, հանդիսութեան բացման խօսքը Համազգայինի «Բ. Կանաչեան» երաժշտական քոլեճին անունով արտասանեց Յակոբ Աբրահամեան, որ նշեց, թէ մեծարանքի երեկոները լաւագոյն առիթներն են յիշելու այն անհատները, որոնք իրենց ներդրումը ունեցած են հայ ժողովուրդի ժառանգութեան պահպանման առաքելութեան ու վերելքին մէջ: Ան ըսաւ, թէ այսպիսի հաւաքներ հին արժէքներուն ընդմէջէն նորը կերտելու աշխատանքին կը ծառայեն, քանի որ նոր նուաճումներ կþարձանագրուին այն պահուն, երբ գոյութիւն ունին մարդիկ, որոնք իրողապէս գիտեն անցեալը, տէրն են արժէքներուն ու գիտակից՝ իրենց վստահուած պարտականութեան:
Աբրահամեան հաստատեց, թէ Յակոբ Էսմերեան իր երկարամեայ գործունէութեան ընթացքին մնայուն կերպով ծառայած է արուեստին ու մշակոյթին, եւ այդ բոլորին ընդմէջէն՝ հայ ժողովուրդին: Ապա ներկայացնելէ ետք Էսմերեանի հակիրճ կենսագրութիւնը եւ գնահատելէ ետք անոր վաստակը՝ Յակոբ Աբրահամեան նշեց, թէ էսմերեաններ արուեստին ընդմէջէն բարձր պահած են լիբանանահայութեան անունն ու պատիւը: Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց Էսմերեանի ընտանիքին, որ քոլեճին նուիրած էր Յակոբ Էսմերեանի երաժշտական գիրքերը:
Բացման խօսքին յաջորդեց «Բ. Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի եռեակին կատարումը. վերջինս ներկայացուց Պեթհովենի ստեղծագործութիւններէն հատուած մը: Եռեակին մաս կը կազմէին Աբիկ Չոլաքեան (դաշնակ), Արեգ Տաքեսեան (թաւջութակ) եւ Խաժակ Խաչատուրեան (ջութակ):
Օրուան առաջին պատգամը փոխանցեց խմբավար Յարութ Ֆազլեան, որ նշեց, թէ Էսմերեան Պախի նկատմամբ յատուկ համակրանք ունէր, եւ ան իր ամբողջ ժամանակը նուիրած էր երաժշտութեան՝ ծառայելով Լիբանանին եւ իր հայկական ընկերութեան:
Ան յայտնեց, որ Յակոբ Էսմերեան իր աշակերտներուն առանց վերապահութիւններու կը փոխանցէր իր բոլոր գիտելիքներն ու փորձառութիւնները, զորս ձեռք բերած էր հետեւողական աշխատանքով: Ֆազլեան աւելցուց, որ Յակոբ Էսմերեան սթիւտիոյի արձանագրութիւններուն մէջ ունեցած էր իր իւրայատուկ դիրքն ու կարեւորութիւնը, իսկ իր ստեղծած քառեակը՝ «Էսմերեան» քառեակը օրին մեծ մթնոլորտ ստեղծեց՝ ունենալով բարձրորակ կատարումներ, ինչ որ գնահատելի երեւոյթ է:
Իր խօսքի աւարտին Ֆազլեան նշեց, թէ այս հանդիսութիւնը ա°յն ապացոյցն է, որ Էսմերեան իր գործին իբրեւ արդիւնք ունեցած է մեծաթիւ բարեկամներ ու ընկերներ:
Գեղարուեստական յայտագիրի երկրորդ բաժինով ելոյթ ունեցաւ «Բ. Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի երկրորդ եռեակը, որուն մաս կը կազմէին Բալիկ Լատոյեան (դաշնակ), Նայիրի Ղազարեան (թաւջութակ) եւ Հրակ Տեմիրճեան (ջութակ), որոնք նուագեցին Մոցարթի յօրինումներէն մէկը:
Յիշատակի հանդիսութեան երկրորդ պատգամախօսն էր Լիբանանի պետական երաժշտանոցի տնօրէն դոկտ. Ուալիտ Ղոլմիէ, որ հաստատեց, թէ ջութակահար Յակոբ Էսմերեան Լիբանանի պետական երաժշտանոցի վերականգնման աշխատանքներուն մէջ մաս կազմած է առաջին սերունդին, որուն դերակատարութիւնը եղած է արդիւնաբեր ու գնահատելի:
Ուալիտ Ղոլմիէ յայտնեց, թէ Էսմերեան ապրեցաւ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի դժուար պայմաններուն մէջ, երբ ան արուեստի ճամբով կը հաստատէր, թէ ինք իրաւունք ունէր, մինչ Լիբանանը սխալ ընթացքի մէջ էր: Արժեւորելով Յակոբ Էսմերեանի վաստակը՝ ան նշեց, թէ Էսմերեան իր մեծ ներդրումով դարձաւ Լիբանանի երաժշտական կեանքին հիմնական սիւներէն մէկը:
Հանդիսութեան աւարտին, Համազգայինի «Բ. Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի տնօրէն Արմէն Քեչեկ յետ մահու Համազգայինի յուշանուէրը յանձնեց Յակոբ Էսմերեանի քրոջ՝ Վարդուկ Էսմերեանին՝ առ ի գնահատանք ջութակահարին ունեցած մեծ ծառայութեան: