«Սարդարապատ» գրախանութի, «Ասպարէզ» օրաթերթի եւ Համազգայինի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջ. վարչութեան կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ Վաստակաւոր գրող, գրաքննադատ, խմբագիր, ուսուցիչ, հայ գիրին ու գրչութեան նուիրեալ մարտիկ, գաղափարապաշտ Պօղոս Սնապեանի նուիրուած յուշ-երեկոյ մը, Կիրակի, 1 Մայիս 2016-ին, Կլենտէյլի Երիտասարդական կեդրոնէն ներս, ներկայութեամբ գրասէրներու հոծ բազմութեան մը: Ներկայ էին նաեւ Պօղոս Սնապեանի ընտանիքի անդամները, կինը՝ Աղաւնին, դուստրը՝ Կարինէն, եւ մանչը՝ Գալէն, իրենց ընտանիքներով։
Բացման խօսքով ելոյթ ունեցաւ հանդիսավար Ծովինար Ղ. Մելքոնեան, որ եղած էր Սնապեանի աշակերտուհին: Ան իր յուշերուն ընդմէջէն կրցաւ վերակենդանացնել եւ հանդիսատեսին ներկայացնել Պօղոս Սնապեանը՝ իբրեւ առեղծուածային տիպար մը, որ կը կրէր հայ գրականութեան մէջ խրոխտ ու յանդուգն գրիչի դափնեպսակը: Ան նաեւ հաստատեց, որ Սնապեան հայ գրականութեան բագինին զոհաբերած էր ամբողջ կեանք մը երկնելով: «Այո՛, երկունք էր «Բագին»ի իւրաքանչիւր թիւի լոյս ընծայումը, յաճախ՝ բոլորովին առանձինն, բայց մի՛շտ կիրքով ու նուիրումով արտադրելով, անխոնջ ու մարտնչող վեհ մարտիկի մը նման», ըսաւ ան:
Սնապեանի գուրգուրանքի առարկան եղած էր «Բագին»ը, 40 տարի շարունակ. իր քսան բացառիկներով անկրկնելի աւանդ մըն էր հայ գրականութեան, որ դարձաւ ժամանակի հնչեղութիւնն ու ազգային կեանքի զարկերակը: Արցախեան ազատամարտիկներու կամ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին զոհ գացած հերոսներու կենդանակերպերը հո՛ն էր, գրողներու յոբելինականներուն նուիրուած թիւերու շարքին: