Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան հրաւէրով Ուրբաթ, 4 Նոյեմբեր 2016-ին, Տըպպայէի «Էմիլ Լահուտ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ պոլսահայ երգչուհի Սիպիլի երգահանդէսը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին Համազգայինի «Կարկաչ» մանկապատանեկան երգչախումբը եւ «Գայեանէ» պարի դպրոցի սաները:
Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Թամար Սնապեան-Սուրճեան, որ հաստատեց, թէ Համազգայինի Շրջանային վարչութեան կազմակերպած ձեռնարկը իւրայատուկ է անով, որ տասնամեակներ ետք մշակութային գեղեցիկ օղակ մը կը կազմէ Պոլսոյ հետ: «Երբեմնի Պոլիսը, որ ժառանգուած է մեզի հարուստ մշակոյթով, անքակտելի մասնիկն է մեր հաւաքական յիշողութեան», ըսաւ ան, ապա յայտնեց, թէ Սիպիլ իր իւրայատուկ ձայնի դիւթիչ թրթռացումներուն հմայիչ դրոշմը պիտի դնէ իւրաքանչիւրի սրտին մէջ: Թամար Սնապեան-Սուրճեան դիտել տուաւ, որ Սիպիլի ընտրեալ երգերուն խօսքերը կը պատկանին արեւմտահայ եւ արեւելահայ մեծանուն հայ գրական դէմքերու, որոնց կողքին կան նաեւ ժամանակակից հեղինակներ, իսկ երաժշտական մշակումներուն եւ յօրինումներուն մէջ ալ մեծ դեր ունին երիտասարդ երաժիշտները: Խօսքի աւարտին ան շնորհակալութիւն յայտնեց «Գայեանէ» պարի դպրոցի ղեկավարներ Կարէն եւ Ժաքլին Մակինեաններուն, «Կարկաչ» մանկապատանեկան երգչախումբի ղեկավար մայեսթրօ Զաքար Քէշիշեանին, ինչպէս նաեւ ԳՈՀԱՐ-ի ընտանիքին, տէր եւ տիկին Սէմ Պալճեաններուն, Հայկական երեսփոխանական գրասենեակին եւ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան տնօրէնութեան, որոնք ճիգ չեն խնայած ձեռնարկի յաջողութեան համար:
Սիպիլ ողջունեց ներկաները եւ ըսաւ. «Յուզումով սպասած եմ ձեզի հետ հանդիպելու այս պահուն: Մենք` հայերս, ինչքան ալ ցրուած ըլլանք աշխարհով մէկ, մեր սրտերը մէկ են մեր մշակոյթով, մեր հիասքանչ մայրենի լեզուով եւ մեր արեան կապով»:
Մանրամասնութիւնները կարդալ այստեղ: