Ուրբաթ, 11 Ապրիլ 2014-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ, Զաքարիա Միլտանօղլու ներկայացուց «Հայ պարբերական մամուլի պատմութիւն… 1794-1980» նիւթով դասախօսութիւն մը: Միլտանօղլու նկարներու ընկերակցութեամբ անդրադարձաւ 42 երկիրներու մէջ հրապարակուած հայերէն թերթերու, հանդէսներու, կնոջական, մարզական, գրական եւ այլ մարզերու պարբերաթերթերու:
Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան եւ գործակցութեամբ Համազգային Այնճարի «Պ. Սեւակ» մասնաճիւղին, Շաբաթ, 12 Ապրիլ 2014-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Այնճարի «Ս. Զէյթլեան» ժողովրդային տան «Մովսէս Տէր Գալուստեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ պոլսահայ գաղութին նուիրուած ձեռնարկ մը, որուն զեկուցաբերներն էին Տիգրան Ալթուն, Սարգիս Կիւլեկեչ եւ Զաքարիա Միլտանօղլու:
Հովանաւորութեամբ եւ կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, Կիրակի, 13 Ապրիլ 2014-ի երեկոյեան ժամը 8:30-ին, պոլսահայ գաղութին մասին հետաքրքրական ու շահեկան դասախօսութիւն տեղի ունեցաւ «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ` ներկայութեամբ ազգային, միութենական ներկայացուցիչներու եւ խուռներամ բազմութեան մը: