Եւրոպա
Շրջանային Վարչութիւններ
Ֆիլոփափուի բլուրին վրայ տեղակայուած՝ հելլէն տոհմիկ պարերու «Տորա Սթրաթու» թատրոնէն ներս, Երկուշաբթի 1 Սեպտեմբեր 2014-ի երեկոյեան, հայ-յոյն ժողովուրդներու պատմութեան ու մշակոյթին նուիրուած յատուկ երեկոյ մը կազմակերպուեցաւ: Երեկոն կը կրէր «Պարտքը» խորագիրը եւ նուիրուած էր երկու ժողովուրդներու երեք հազար տարուան վրայ երկարող աւանդական պատմութեան վրայ: