այ պարարուեստի հմայքը իր գագաթնակէտին հասաւ կիրակի 6 Սեպտեմբեր 2008-ին, Աւստրալիոյ Սիտնի քաղաքի արուարձաններէն Քասըլ Հիլի Մեծղի շքեղակերտ սրահէն ներս, ծովածաւալ մշակութասէր բազմութեան մը ներկայութեամբ:
Նախագահութեամբ Գերաշնորհ Տէր Աղան Արքեպիսկոպոս Պալիօզեանի Առաջնորդ Աւստրալիոյ եւ Նոր Զէլանտայի եւ հովանաւորութեամբ Հ.Հ.Կ. եւ Մ. Միութեան Շրջանային վարչութեան: Յատկապէս հրաւիրուած էին Տէր եւ Տիկ. Ստեփան Գրգաշարեան Տնօրէն Ethnic Affair commission, խորհրդարանի անդամ Ազնուափայլ Օր. Կլատիս Պէրէճիքլեան եւ Ռայտի քաղաքապետութեան խորհուրդի անդամ Տէր եւ Տիկ. Սարգիս Ետելեան: Ներկայ էին շրջանի Դրօ առանձնակի կոմիտէն եւ այլ Պատուարժան միութեանց ներկայացուցիչներ:
Անուրանալի ճշմարտութիւն է թէ Ազգեր ու ժողովուրդներ կ՝ապրին, կը գոյատեւէն շնորհիւ իրենց դարաւոր ու փառաւոր ժառանգ մնացած մշակութային հարստութեամբ, որովհետեւ մշակոյթը ազգի մը հոգեկան ապրումներուն, ձգտումներուն, երազներուն ցոլացումն է, որոնք առաւելաբար կ՝արտայայտուին արուեստի, գրականութեան եւ այլ մշակոյթի բնագաւառներէն ներս եւ զանոնք ստեղծողները յաւերժ կ՝ապրին ազգի մը հոգիին մէջ քանդակուած:
Մենք ալ իբրեւ հայ ազգ ունեցած ենք մեր ինքնուրոյն մշակոյթը գեղազարդող առաքելատիպ կերտիչներ, վկայ հինգերորդ դարէն մինչեւ քսաներորդ դարու վերջին քառորդը, առաջին շարականագիրերը եւ անանուն ճարտարապետները, մինչեւ տաղասացներն ու աշուղները եւ զարթօնքի սերունդով հասնելու համաշխարհային ժամանակակից քաղաքակրթութեան եւ ցարդ պահած ենք մեր գոյերթը աշխարհի թատերաբեմին վրայ: Հետեւաբար հայ արուեստն ու մշակոյթը շռայլօրէն հարուստ է եւ եզակի լի հպարտառիթ սխրագործութիւններով, որուն պերճախօս վկան վերոնշեալ Հ.Հ.Կ.եւ Մ.Միութեան 80 ամեակի նուիրուած աննախընթաց հանդիսութիւնը:
Նախքան համոյթին պաշտօնական բացումը, շատ բարձր գնահատելի եւ յուսադրիչ է տեսնել երկար նուիրատուներու անուանացանկը պաստառին վրայ, ապա յափշտակուած դիտել մեր հայրենի չքնաղ կանանչազարդ սարերու հմայքը, Արարատի վեհութիւնն ու շքեղութիւնը, եւ յատկապէս հայ անհատի ձեռակերտ անգերազանցելի ճարտարապետութիւնը, վերածելով հայրենիքը մեր բաց երկնքի տակ թանգարանի մը, որոնք անկասկած մեր ազգային հպարտութիւնն են եւ բազմադարեան հարստութիւնը:
Պետական եւ հայկական զոյգ քայլերգներու ունկնդրութենէն վերջ հայկական տոհմիկ տարազներով շիկացած պարման պարմանուհիները, ջերմօրէն ողջունեցին ներկանները ու բարձր գնահատեցին պարասոյցները, իրենց ծնողաց եւ միաւորի կազմը, որոնք յարատեւ ներդրումներով վառ կը պահեն պարախումբին աննիւթական դրօշը, մինչեւ իսկ օտար ազգերու շրթներուն վրայ, հնչեցուցին գրաւիչ քաղցրութեամբ: Իսկոյն տհօլը եւ զուրնան հնչեց եւ մուտք գործեցին երիտասարդ երիտասարդուհիներ ու պարեցին հայու հպարտութեամբ, խրոխտ ոստումներով, իսկ երիտասարդուհիները երբներանգ նուրբ շարժումներով կարծես հայ հողին վրայ կը պարէին, տօնախմբելու ազգին գերագոյն յաղթանակը:
Որքան հմայիչ ու աչքառու էին տարազներու գոյներու ներդաշնակութիւնը եւ համադրումը. մէկը միւսին կը գերազանցէր, իր այլազանութեամբ:
Շնորհաւորելի է նաեւ Հ.Հ.Կ. եւ Մ. Միութեան միաւորի ճիշդ ընտրութիւնը, որ հրաւիրած է մայր հայրենիքէն պարարուեստի բացառիկ տաղանդով եւ համակ նուիրումով, արուեստի գիտելիքներով օժտուած Պետրոս Ղարիպեանը, որուն ուսուցման ոճը ինքնուրոյն է եւ թափանցիկ. ան հայ պարի ուսուցման հետ կը ներթափանցէր, անոնց հոգիներուն եւ սրտերուն, ջանալով սիրցնել հայ արուեստն ու անոր էականութիւնը. ան շատ կարճ ժամանակամիջոցի մէջ շնորհիւ իր արուեստի գերբնական կարողութեան կրցաւ աննախնթաց պարարուեստի գերազանց գիշեր մը ներկայացնել Սիտնիի հայութեան:
15 վայրկեան դադարէ վերջ հանդէս եկաւ Հ.Հ.Կ. եւ Մ. Միութեան Շրջանային վարչութեան ատենապետ Յակոբ Մկրտիչեանը. ան սրտի խոր գոհունակութեամբ անթեղուած, ողջունեց մշակութասէր հոծ բազմութիւնը եւ մշակութային միութեան միաւորի նախաձեռնած պարարուեստի աւանդական դարձած համոյթը, ուր հասակ առած պարման պարմանուհինները, յատկապէս այս բախտորոշ օրերուն, համախմբուած մէկ ազգ եւ մէկ մշակոյթ հովանիին տակ հայ մշակութային գոհար արժէքներով պանծացուցին երեկոն. ան դրուատեց Հ.Հ.Կ. եւ Մ.Միութեան հիմնադրութեան կարեւորութիւնը` թուելով անունները հայ տիտաններուն:
Երկրորդ բաժնին մէջ դարձեալ 200-է աւելի պարման պարմանուհինները յաջորդաբար պարեցին հայ պարը, կարծես Սասնայ Սարերուն լանջին կը պարէին, հեզաճկուն սազով ու նազով իրենց ինքնուրոյն ոճով ու շունչով օժտուած, պարարուեստի յուզական բարձր գեղեցկութեամբ, շնորհիւ հայ հողին վրայ ծնած ուռճացած եւ սնած Ղարիպեաններու նման տաղանդաւոր հայու արժանի զաւակներուն:
Ձեռնարկի աւարտին բոլորը բեմ բարձրացան ու հայու տրոփող սիրտը անգամ մը եւս բաբախեց, ի տես եւ ի լուր այդ բոլորին եղան բարձր գնահատանքներ բոլոր անոնց, որոնք ջանք չխնայեցին սոյն հանդիսութեան յաջողութեան:
Ներկաները լիացան պարարուեսի հմայքով, բայց չյագեցան սպասելով գալիքին:
Մաքրուհի Քորթեան