Համազգայինի «Սիփան» եւ «Անի» պարախումբերը, մանկապատանեկան «Նանօր» պարախումբին հետ, դարձեալ հիասքանչ երեկոյ մը պարգեւեցին կիպրահայութեան, շնորհիւ երիտասարդ պարուսոյց Գրիգոր Քելէշեանի բարձրորակ ղեկավարութեան:
Կիրակի 13 Մայիս 2018-ի երեկոյեան, ժողովուրդը կանուխէն լեցուցած էր Ստրովոլոսի քաղաքապետութեան ընդարձակ թատերասրահը եւ անհամբեր կը սպասէր յայտագրի սկսելուն:
Հայաստանի պետականութեան վերականգնման 100-ամեակին նուիրուած, Կրթութեան եւ Մշակոյթի նախարար Դր. Կոստաս Համպիաուրիսի եւ Հայ Համայնքի Պետական Ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեանի հովանաւորութիւնը վայելող հայկական պարարուեստի այս փառատօնը իր ներկայութեամբ պատուեց նաեւ Կիպրոսի Ներկայացուցիրներու Տան նախագահ Տիմիթրիս Սիլլուրիսը: Ներկայ էին Թեմիս Կաթողիկոսական Փոխանորդ Տ. Խորէն Արք. Տողրամաճեանը, ինչպէս նաեւ երեսփոխաններ, պետական պաշտօնատարներ, կուսակցութիւններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ:
Համազգայինի վարչութեան ատենապետ Արթօ Դաւիթեանի բացման խօսքէն ետք, Կրթական եւ Մշակոյթի նախարար Դր. Կոստաս Համպիաուրիսի ողջոյնի խօսքը ընթերցեց նախարարութեան Մշակութային Սպասարկութեան տնօրէն Պաւլոս Պարասկեւասը:
Բեմը բացուեցաւ եւ Սարդարապատի Յուշակոթողը ներկայացնող հսկայ պաստառին առջեւ ծայր առին «Սիփան», «Անի» եւ «Նանօր խումբերուն պարերը:
Նիկոսիոյ «Սիփան» պարախումբը ներկայացուց «Արտաշատ», «Սայաթ Նովա», «Կրակոտ», «Ուզունդարա», «Game of Thrones», «Ումրեցիք», «Բաբուրի», «Սարդարապատ» եւ «Եռագոյն» պարերը, իսկ «Սիփան»ի կրտսերներու խումբը՝ «Մարգարիտներ» պարը: Պաֆոսի «Անի» պարախումբը ներկայացուց «Թամզարա»ն, մինչ «Նանօր» մանկապատանեկան պարախումբը ներկայացուց «Հայ Ենք Մենք», «Սէր Երեւան», «Կինտօ», «Քազաչոք» եւ «Նինօ» պարերը: Ջերմ գնահատանքի արժանացան Նանօր Քելէշեանի «Դարդս Տուի» հեզաճկուն մենապարը եւ Մարիա Մոսկոֆեանի գեղեցկօրէն մեկնաբանած «Զարթիր Որդեակ» երգը:
Յայտագրի վերջաւորութեան, բոլոր խումբերը համախմբուեցան բեմին վրայ «Սարդարապատի Քաջեր» պարով, որոտընդոստ ծափահարութիւններ խլելով ներկաներէն:
Եւ այսպէս, 19-րդ տարին ըլլալով, Համազգայինի պարախումբերը հայկական պարարուեստը ներկայացուցին կիպրահայութեան, տաղանդաւոր պարուսոյց Գրիգոր Քելէշեանի եւ իւրաքանչիւր պարողի՝ տարուան մը վրայ երկարող տքնաջան աշխատանքին արդիւնքով: Մեծապէս գնահատելի է բեմին վրայ կամ անոր ետին, ներկայացումէն առաջ ու անկէ վերջ, բոլոր կամաւորներուն սրտանց զոհաբերութիւնը, ինչպէս նաեւ յանձնախումբերու եւ վարչութեան՝ ամիսներու վրայ երկարած համբերատար ծրագրումները: Վարձքը կատար բոլորին:
Հակառակ ժամանակակից պայմաններու եւ ապրելակերպի յարուցած բազմապիսի դժուարութիւններուն, ըլլան անոնք նիւթական, կամ պարզապէս մշակութային մթնոլորտի բացակայութիւն, Համազգայինը իր պարախումբերով, թատերախումբով եւ մշակութային երեկոներով կը ճգնի կիպրահայ գաղութին մէջ վառ պահել հայ մշակոյթի կանթեղը: Կը մնայ յուսալ, որ համայնքը կը գնահատէ այս մեծ ճիգը եւ իր նեցուկին ու գուրգուրանքին կ՛արժանացնէ Համազգայինը: