Շաբաթ՝ 6 Մայիս 2017-ին, Թեսաղոնիկէի «Տէր Զաքարեան» սրահէն ներս, տեղի ունեցաւ պարախումբերու հաւաք եւ գեղարուեստական երեկոյ, կազմակերպութեամբ Թեսաղոնիկէի Համազգայինի «Ղազարոս Սարեան» մասնաճիւղի վարչութեան եւ համագործակցութեամբ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Յունաստանի Երիտասարդական Միութեան «Սողոմոն Թեհլիրեան» միութեան:
Այս ձեռնարկին մասնակցեցան Պուլկարիոյ Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ եւ համայնքի պարախումբը, որ վարչութեան յատուկ հրաւէրով ժամանած էր Թեսաղոնիկէի հայ համայնք: Աննկարագրելի էր խանդավառութիւնը մեր համայնքի զաւակներուն, որոնք ներկայ էին սոյն ձեռնարկին: Ներկայ էին նաեւ Թեսաղոնիկէի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ եւ հայ համայնքի հոգեւոր հովիւ Սմբատ Վրդ. Սապունճեան, ինչպէս նաեւ բոլոր գործող միութիւններու ատենապետներն ու անդամները:
Բացման խօսքը կատարեց «Ղազարոս Սարեան» մասնաճիւղի անդամ Լիլիթ Շահզատէյեան, որ շեշտը դրաւ հայ մշակոյթի կարեւորութեան վրայ:
Ապա՝ ելոյթ ունեցան Պուլկարիայէն ժամանած պարախումբը, Թեսաղոնիկէի Համազգայինի «Ղազարոս Սարեան» մասնաճիւղի «Մասիս» պարախումբը, նաեւ՝ Շաբաթօրեայ «Մալաքեան-Գասպարեան» վարժարանի պարախումբը: Մէկուկէս ժամ տեւողութեամբ այս ելոյթը լեցուն էր անակնկալներով, ծափահարութիւններով, ուր երեք պարախումբները ներկայացուցին Հայ մշակոյթի գերագոյն արժէքներէն մին՝ Հայ Պարը: