Շաբաթ 11 Հոկտեմբերին Սիտնիի մէջ մեծ հանդիսութեամբ տօնակատարուեցաւ Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային միութեան հիմնադրութեան 80 ամեակը, որուն ներկայ գտնուեցաւ Լիբանանէն ժամանած համազգային կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Մկրտիչ Մկրտիչեանը, որ արտասանեց օրուան գլխաւոր խօսքը:
Ձեռնարկը կազմակերպուած էր Աւստրալիոյ համազգայինի Շրջանային վարչութեան կողմէ, հովանաւորութեամբ գաղութիս բարեխնամ առաջնորդ Տէր Աղան Արք. Պալիօզեանի: Ներկայ էին հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները եւ գաղութիս այլազան միութիւններու ներկայացուցիչներ, հայազգի քաղաքական դէմքեր, ինչպէս՝ նահանգիս ստուերային երթեւեկի եւ քաղաքացիութեան նախարարուհի Օրդ. Կլատիս Պէրէճիքլեանը եւ Ռայտ շրջանի փոխ քաղաքապետ Պրն. Սարգիս Ետելեանը ու քաղաքապետարանի անդամ Պրն. Արթին Էքմէքճեանը:
Համազգայինի 80 ամեայ գործունէութեան պատմականն ու անոր արժէքը կատարող, խնամքով ներկայացուած յայտագրի մը ականատես դարձան ներկաները, ուր մերթ ընդ մերթ իրենց ելոյթներով համազգայինի բոլոր ենթակայ կառոյցները ու գաղութի արժանաւոր արուեստագէտները եկան փայլք մը տալու օրուան ձեռնարկին:
Համազգային Արշակ եւ Սօֆի Գօլստըն Ճեմարանի «Նանոր» երգչախումբը, ղեկավարութեամբ վարժարանի երաժշտութեան ուսուցչուհի Տիկ. Բերրի Մինասեանին, բացաւ օրուան յայտագիրը Աւստրալիոյ եւ Հայաստանի քայլերգներով եւ ապա ներկայացուց երեք խմբերգներ. նոյն վարժարանի աշակերտ Գէորգ Մուրատեանը դաշնակի վրայ նուագեց Ա. Յարութիւնեանի «Կոնսէրթային Վալս» ը:
ՀԱՍԳ Ճեմարանի շրջանաւարտ աշակերտուհի Թամար Կիւլիւմեանը արժեւորեց հանգուցեալ Ազգային Բարերար Պրն. Արշակ Գօլստընի յիշատակը, որուն պատւոյ ներկայութեամբ որոշուած էր կազմակերպել այս ձեռնարկը:
Համազգայինի միօրեայ Սիտնիի երեք վարժարաններու աշակերտները արտասանութեամբ ելոյթ ունեցան: «Թարգմանչաց» վարժարանը ներկայացուց Վ. Թէքէեանի «Եկեղեցին Հայկական»ը, «Թումանեան» վարժարանը՝ Վ. Դաւիթեանի «Անուշը»ը, իսկ «Փափազեան» վարժարանը՝ հայ գրերու նուիրուած «Այբուբեն Հայոց» ը:
Մերթ ընդ մերթ համազգայինի երկու պարախումբերը ելոյթ ունեցան յայտագրի ընթացքին: Համազգային Աւստրալիոյ պարի միաւորը «Համազգային Սիտնի անսամպլը» ներկայացուց «Կինտօ», «Արագած», եւ «Աւարայր» պարերը, իսկ համազգայինի «Սեւան» պարախումբը ներկայացուց «Իրիկնային Ծաղիկներ», «Ազգագրական պարերու շարք», «Երկրագունդը բաժանուած» եւ «Ալայլուղ» պարերը:
Մեներգներով հանդէս եկան Աննա Հայրապետեանն ու Աղաւնի Մարգարեանը ընկերակցութեամբ դաշնակով Քրիստափոր Նազարեանի եւ կիթառով Սամուէլ Մինասեանի, իսկ Վարսիկ Մինասեան ջութակով եւ Քրիստափոր Մինասեան դաշնակի վրայ ներկայացուցին Արամ Խաչատուրեանի «Ջութակի Քոնչերթոն»:
Արամ Խաչատուրեանի անուան երաժշտական գործիքներու անսամպլը Տիկ. Ժանէթ Սափրիչեանի ղեկավարութեամբ եւ մասնակցութեամբ երիտասարդ նուագողներ Վ. Մինասեանի, Ա. Մինասեանի, Ռ. Ճըղըլեանի, Ք. Բանտարեանի, Ն. Շմաւոնեանի եւ Ա. Սահակեանի ներկայացուց Գ. Ադամեանի «Արտաշատի Պարը» եւ Ա. Պապաճանեանի «Ազգ Փառապանծ»ը:
Ասմունքով ելոյթ ունեցաւ Տիկ. Նորա Սեւակեանը, ներկայացնելով Ս. Կապուտիկեանի «Մտորումներ Ճանապարհի Կէսին» բանաստեղծութիւնը:
Համազգայինի «Նայիրի» երգչախումբը, ղեկավարութեամբ Տիկ. Ա. Աւետիսեանի ներկայացուց Հ. Անասեանի «Նորից Եկան Էն Հաւքեր» Կոմիտասի «ել, ել» եւ Ա. Յարութիւնեանի «Հայրենիքիս Հետ» երգերը:
Համազգայինի Աւստրալիոյ Շրջանային վարչութեան ատենապետ Յակոբ Մկրտիչեանը յայտագրի սկզբնաւորութեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն ու ներկայացուց համազգայինի Աւստրալիոյ գործունէութեան կարգ մը հիմնական աշխատանքները ու անդրադարձաւ օրուան ձեռնարկի յայտագրի կարգ մը փոփոխութիւններուն:
80 ամեակի գլխաւոր պատգամը փոխանցեց Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Մկրտիչ Մկրտիչեանը, խոր վերլուծումներ կատարելով այսօրուան այն իրականութեան վրայ, որ երիտասարդութիւնը կը մնայ հեռու մշակութային գործունէութենէ: Ընկերը այս իրականութիւնը յոռետեսութեամբ չդիմաւորեց, այլ ընդհակառակը լաւատեսութեամբ թէ նոյն երիտասարդութիւնը նաեւ այսօր առաջնորդող տարրն է մեր հայ դատի ու պահանջատիրական աշխատանքներուն եւ ասոր միացած անկախ Հայաստան իրողութիւնը մեզ պէտք է մղէ լաւատեսութեամբ դիմաւորելու մարտահրաւէրները:
Երեկոն փակուեցաւ Առաջնորդ Սրբազան հօր հայրական պատգամով, որ վեր առաւ համազգայինի գործունէութիւնը ու պահպանիչով փակեց երեկոն:
Սրբազան հօր պահպանիչէն ետք տեղի ունեցաւ հանդէսի փակումը. համազգայինի զոյգ պարախումբերը իրենց ելոյթներով եւ ապա բոլոր մասնակից վարժարաններն ու խումբերը երաժշտութեան ընկերակցութեամբ ջահերով բեմ բարձրացան ու տպաւորիչ մթնոլորտ մը ստեղծելով փակեցին այս շատ յիշատակելի հանդէսը:
Այստեղ կարելի է գնահատանքի խօսք արձանագրել ձեռնարկի կազմակերպիչ յանձնախումբի անդամներուն եւ ձեռնարկի ընթացքին զանազան ձեւի դերակատարութիւն ստանձնած անձնաւորութիւններու աշխատանքին նկատմամբ:
Այսպէս հայութեան կեանքի մէջ մեծ դերակատարութիւն ունեցող համազգայինի 80 ամեակը պատշաճօրէն տօնակատարուեցաւ Սիտնիի մէջ. միութիւն մը, որ իր կրթական ու մշակութային գործունէութեամբ հիանալի ներդրում կատարած է 80 տարիներու հայապահպանութեան ու հայ մշակոյթի տարածման գործին: