Համազգայինի «Անի» պարախումբի քառասնամեակին նուիրուած պարային համոյթը, որ տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 13 Դեկտեմբեր 2014-ին, վերածուեցաւ աննախընթաց տօնախմբութեան մը: Արդարեւ, իր պարային համոյթին նուաճած բարձր մակարդակին կողքին, հանդիսատեսներուն առջեւ պարզուեցաւ այլ տեսարան մը. «Անի»ն ի՛ պատուի էր, շնորհիւ իր պարուսոյցներու անհուն սիրոյն եւ խանդաղատանքին, զորս անոնք կը տածէին հանդէպ հայկական պարարուեստին ու հայ ազգային մշակութային արժէքներուն, շնորհիւ քանի մը սրբազան «Խենթ»երու, ինչպէս պիտի խոստովանէր պարուսոյց Եղիա Հաշօլեանը իր խօսքերէն մէկուն ընթացքին:
«Անի» համոյթի հանդիսատեսները, մեծ մասամբ, ուխտագնացութեան նման, գրեթէ ամէն տարի հաւատարմօրէն ներկայ կ՛ըլլան անոր սքանչելի ելոյթներուն, ու իրենց ներկայութեամբ օժանդակութիւն եւ յարգանք կը ցուցաբերեն ո՛չ միայն Համազգայինի «Անի»ին, այլ մանաւա՛նդ հայ ազգային մշակութային ժառանգութեան հանդէպ: