Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութիւնը կարիքը ունի օգնական ծրագրաւորումի պատասխանատուի (ասիսթընթ փրոճեքթ մենէյճըր) մը՝ մշակութային առցանց ծրագիրի մը համար, որուն նպատակն է արուեստի, մշակոյթի եւ իրագործումներու ճամբով կապ ստեղծել հայերու միջեւ։
Պաշտօնեան պիտի աշխատի կիսաժամ դրութեամբ։ Անոր պատասխանատուութեան եւ պարտականութեան ծիրը կ՚ընդգրկէ խմբագրական, վարչական եւ ուսումնասիրական աշխատանքներ, ինչպէս նաեւ համացանցի վրայ ընկերային հաղորդակցութեան ցանցերու (սոշըլ միտիա) կանոնաւոր հսկողութիւն՝ նախապէս ճշդուած ժամանակացոյցով։
Թեկնածուները պարտին ունենալ պսակաւոր արուեստից վկայական՝ արուեստի կամ մարդկային գիտութիւններու մէջ։ Անոնք պէտք է ծանօթ ըլլան հայ մշակոյթին եւ վարժ՝ համացանցի վրայ ընկերային հաղորդակցութեան ցանցերու գործածութեան։ Անգլերէնին կատարեալ տիրապետումը, հայերէնի գիտութիւնը, խմբագրելու եւ գրելու կարողութիւնները նախապայման են։
Հետաքրքրուողները կրնան իրենց ինքնակենսագրութիւնը (Սի․ Վի․) ուղարկել հետեւեալ հասցէին․ Central@Hamazkayin.com
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՅ ԿՐԹԱԿԱՆ ԵՒ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ