Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան, հովանաւորութեամբ տէր եւ տիկին Յովիկ եւ Մարալ Քիւրքճեաններու, Ուրբաթ, 26 Մայիս 2017-ին երեկոյեան ժամը 6:30-ին Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Դարձի՛ր գիրքի հեղինակ» ծրագիրի 2016-2017 տարուան մրցանակաբաշխութիւնը` մասնակցութեամբ Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանին, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի, Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճի, Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանի, Հայ աւետարանական երկրորդական վարժարանի Այնճար, Հայ աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան վարժարանի եւ Թեքէեան վարժարանի:
Այս առիթով խօսք առաւ Համազգային «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան-գրատարածի տնօրէն Յակոբ Հաւաթեան, որ յայտնեց, թէ լիբանանահայ վարժարաններէն 17 աշակերտներ մասնակցած են այս ձեռնարկին, եւ այս տարի շեշտը դրուած է անհատական կարողութիւններու քաջալերման եւ մրցանքի ճամբով տաղանդներու յայտնաբերման վրայ, որպէսզի, ի շարս այլ հետաքրքրութիւններու, նաեւ իւրաքանչիւր աշակերտ միտքը լարէ ու իր հետաքրքրութիւնը զարգացնէ այս ուղղութեամբ:
Խօսելով ձեռնարկի հովանաւոր Յովիկ եւ Մարալ Քիւրքճեաններուն մասին` Յ. Հաւաթեան յայտնեց, թէ այս ձեռնարկը նուիրուած է յիշատակին անոնց մօր` Վարսենիկ Շամլեան-Քիւրքճեանի, որոնք օրին հոգացած էին նաեւ Համազգայինի գրախանութի բարեզարդման բարերարութիւնը: Հետեւաբար, առ ի երախտագիտութիւն եւ յարգանք, ձեռնարկը անուանուեցաւ «Վարսենիկ Շամլեան-Քիւրքճեան» գիրքի պատրաստութեանց մրցանք: