Չցամքող հիւմորով 1906ին մեր մեծագոյն երգիծաբան-թատերագիրներէն Երուանդ Օտեանի (1869-1926) եւ «պանդուխտի կեանքը» հարազատօրէն նկարագրող գրագէտ Մելքոն Կիւրճեանի-Հրանդ (1859-1915) կողմէ գրուած այս թատրերգութիւն-օփերէթը, փաստօրէն, երգիծական ոճով «կը ծաղրէ» ֆրանսական-հայկական-թրքական՝ հայ կեանքի, մտքի ու ընկերային երեւոյթներու, պայմաններու ու «վերէն թռող» մտայնութիւններու իրականութիւնը, թատրոնի ճամբով լուսարձակի տակ առնելով Պոլսոյ ազգային ու ընկերային դասակարգերու գաւառային վերաբերումն ու ապրելակերպը։
20րդ դարու սկիզբը Թուրքիոյ հայաշատ քաղաքներու մէջ շեշտակիօրէն տիրապետող խորթ երեւոյթներ ու իրավիճակներ հանդիսադրող այս կատակերգութիւնը, անցնող 100 տարուան ընթացքին, մասնաւորաբար մինչեւ 1960ական թուականները ներկայացուած է Եգիպտոսի, սփիւռքահայ հայաշատ քաղաքներու, այլեւ Երեւանի պետական-երաժշտական թատրոնի կողմէ, տարբեր ու տարբեր բեմադրութիւններով ու մեծ յաջողութեամբ անմոռանալի տպաւորութիւններ գործելով թատերասէր հասարակութեան մօտ։
Մանրամասնութիւնները կարդալ այստեղ: