Համազգայինի Աւստրալիոյ Շրջանային Վարչութեան գրական-գեղարուեստական յանձնախումբի կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ համաշխարհային գրականութեան 20-րդ դարու մեծ դէմքերէն, հայազգի Ուիլիամ Սարոյեանի ծննդեան 105 ամեակին նուիրուած գրական երեկոյ, Ս. Ակնէս Անգլիական եկեղեցւոյ Ռայտ շրջանի սրահին մէջ, Շաբաթ 30 Օգոստոս 2014-ի երեկոյեան ժամը 7-ին:
Երեկոն կը հովանաւորէր գաղութիս բարեխնամ առաջնորդ Տէր Հայկազուն Եպիսկոպոս Նաճարեանը: Ներկայ էին գաղութիս միութիւններու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ՝ կոկիկ թիւով գրասէր հասարակութիւն մը:
Երեկոյի բացումը կատարուեցաւ Աւստրալիոյ եւ Հայաստանի քայլերգներով՝ դաշնակի կատարողութեամբ Ալեքս Սահակեանին:
Յանձնախումբին կողմէ բացման խօսքը կատարեց Զարուհի Մանուկեան՝ բարի գալուստ մաղթելով ներկաներուն ու ներկայացնելով Սարոյեան գրագէտի գլխաւոր արժանիքները:
Օրուան գլխաւոր բանախօսն էր գաղութիս ծանօթ մտաւորական Մարի Նալպանտեան, որ հաստատեց թէ Ուիլիամ Սարոյեան հայ գրականութեան մեծութիւններէն մէկն է, հակառակ այն իրողութեան, որ ան գրած է Անգլերէնով, որովհետեւ ծնած ու ապրած է Մ. նահանգներու Ֆրէզնօ քաղաքին մէջ: Այս իրողութիւնը հաստատած է Սարոյեան ինք անձնապէս ըսելով.- «Թէեւ գրում եմ անգլերէն եւ ծնունդով ամերիկացի եմ, բայց եւս ինձ համարում եմ հայ գրող: Լեզուն, որով գրում եմ անգլերէն է, միջավայրը որ նկարագրում եմ ամերիկեան է, իսկ ոգին որ ինձ մղում է գրելու՝ հայկական է: Ուրեմն ես հայ գրող եմ եւ պատկանում եմ հայ գրողների ընտանիքին»: Ու խորապէս հաւատալով այս իրողութեան, Սարոյեան իր կապերը երբեք չխզեց հայկական միջավայրէն ու միշտ կառչած մնաց իր արեան կանչին:
Տիկ. Մ. Նալպանտեան շարունակեց իր խօսքը անդրադառնալով համաշխարհային գրողի գրական յատկանիշներուն, որոնց մէջ բնորոշ էին բարութիւնը, արդարութիւնը, խիղճն ու սէրը, ու յարգելի բանախօսը Սարոյեանի ընդմէջէն հասաւ այն եզրակացութեան, թէ հայ ժողովուրդը լոյս ու բարութիւն սփռելով ամենուրէք պիտի շարունակէ ապրիլ ու գոյատեւել միշտ արտադրելով դիւանագէտ, խելացի, հայրենասէր ու քաջակորով երիտասարդութիւն:
Երեկոյի ընթացքին ուրախալի էր տեսնել երիտասարդ սերունդի ներկայացուցիչներու ելոյթները: Յաջորդաբար Սարօ Գարատանեան եւ Միշէլ Դարբինեան ներկայացուցին յօդուածներ Սարոյեանէն: Թամար Անգէշեան ներկայացուց «Ախ վաթան վաթան»: Կարէն Պոյմուշաքեան ջութակի վրայ ընկերակցութեամբ Վարդուհի Լեփէճեանին դաշնակով նուագեց «Տլէ Եաման»: Թամարա Կոտոյեան ասմունքեց Վահան Տէրեանի «Մի՛ խառնէք մեզ վայրի ցեղերին» բանաստեղծութիւնը:
Յանձնախումբին կողմէ Լիլիկ Կոտոյեան ներկայացուց Ուիլիամ Սարոյեանի ստեղծագործութիւններու ազգային արմատները, ցոյց տալով գրողի հայկական ազգային ոգին, որմէ ետք կրկին շարունակուեցան երիտասարդ սերունդի ներկայացուցիչներու ելոյթները. Մանուկ Կոտոյեան յստակ առոգանութեամբ ներկայացուց Սարոյեանի «Սպիտակ Ձիուն Գեղեցիկ Ամառը» պատմուածքը: Ալեքս Սահակեան դաշնամուրի վրայ նուագեց «Prelude» եւ «Վաղարշապատի Պար» կտորները, իսկ Սարօ Գարատանեան եւ Նաթալի Պասթաճեան ընթերցեցին հայերէն ու անգլերէն լեզուներով Սարոյեանի իր ցեղին տոկունութիւնը բնորոշող նշանաւոր ու հանրածանօթ խօսքը:
Երեկոյի ընթացքին երկու առիթներով տեղի ունեցաւ տեսաերիզի ցուցադրութիւն՝ մէկը Սարոյեանի կենսագրութեան, իսկ միւսը՝ «Հայից Հայ» խորագրով՝ նուիրուած հայութեան:
Երեկոն հասնելով իր աւարտին, ելոյթ ունեցաւ Համազգայինի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ Ասատուր Շուկայեան, որ կարճ խօսքով մը նախ անդրադարձաւ համաշխարհային առումով հայազգի այս գրագէտի արժանիքներուն, ապա իր գնահատանքի խօսքը ուղղեց կազմակերպիչ յանձնախումբին, Յակոբ Անգէշեանին լոյսի եւ ձայնի դասաւորման, իսկ Թամար Անգէշեանին ու Թամար Նազարեանին երիզի ու նկարահանութեան եւ յատուկ շնորհակալութիւն նաեւ յայտագրին մասնակից բոլոր անձերու նուիրումին համար:
Գրական այս իւրայատուկ երեկոն վերջ գտաւ առաջնորդ Սրբազան հօր հայրական պատգամով ու Տէրունական աղօթքով:
Ձեռնարկի աւարտին ներկաները հիւրասիրուեցան սուրճով, թէյով ու անուշեղէններով ու հաճելի զրոյցներ ունենալէ ետք հոգեպէս բաւարարուած հեռացան սրահէն: