Յանդուգն ծրագիրները խիզախ որոշումներ եւ յանդուգն իրագործողներ կը պահանջեն:
75 տարիներ առաջ, արհեստագիտական ոչ-նախանձելի պայմաններու մէջ, հայ դատի ի խնդիր՝ ձուլումի մարտահրաւէրներ դիմագրաւելու, հայակուլ փոթորիկներու դէմ պատուար կանգնելու եւ հայ գիրը, երգը, մշակոյթն ու աւանդութիւնները պահպանելու նախանձախնդրութեամբ տոգորուած խումբ մը երիտասարդներու երազանքը շարունակուող իրականութիւն է արդէն:
Հայրենի սովորութիւններուն ու մշակոյթին կառչած մնալու եւ նախնիներէն փոխանցուածը անաղարտ կերպով նորահաս սերունդներուն փոխանցելու դժուարին պարտականութիւնը ստանձնած ամէն կազմակերպութեան աշխատանք արժանի է մեծ գնահատանքի եւ շնորհակալութեան:
18 Օգոստոս 1935-ը սփիւռքահայ մշակութային կեանքին մէջ արդէն արձանագրուած է իբրեւ կարեւորագոյն իրադրութիւններէն մին: Այդ թուականին սկսաւ գործել Մոնթէվիտէոյի Կոմիտաս ռատիօժամը: Այդ թուականէն ի վեր, մեծ զոհողութիւններու գնով եւ մեծ քաջութեամբ ան կը գործէ իբրեւ հայ մշակոյթի անխափան փարոս:
Կոմիտաս ռատիօժամի 75-ամեակի առիթով կու գանք յայտնել մեր շնորհակալութիւնները, գնահատանքը եւ քաջալերանքը:
Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային
Միութեան Կեդրոնական Վարչութիւն