Լիւսի Թիւթիւնճեան ցուցասրահ
Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին եւ հովանաւորութեամբ լիբանանահայ վաստակաշատ արուեստագէտ Ռոզվարդ Սիսեռեանի, Հինգշաբթի, 4 Յուլիս 2013-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, բացումը կատարուեցաւ Շահէ Տէր Յարութիւնեանի «Երազային Հայաստան» խորագրեալ ցուցահանդէսին` ներկայութեամբ մեծ թիւով արուեստասէրներու եւ արուեստագէտներու: