Երեքշաբթի 29 Մայիս 2012-ի երեկոյեան, Մոնթրեալի հայ կեդրոնի «Ա. Ահարոնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ն. Փալանճեան-Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանականներու հաւաքը։ Յիշատակելի երեկոն կազմակերպուած էր Մոնթրեալի Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան «Սանահին» մասնաճիւղի վարչութեան կողմէ, Պէյրութի ճեմարանականներու շրջանաւարտից միութեան ատենապետ՝ Վաչէ Ծատուրեանի Մոնթրեալ այցելութեան առիթով։
Տարբեր սերունդներ ներկայացնող աւելի քան 70 շրջանաւարտներ փութացեր էին սրահ, խապրիկներ ստանալու «Մեր բոլորիս ուխտավայր» Ճեմարանէն, 1943-ի շրջանաւարտ՝ Շաքէ Տէր Մելքոնեան-Մինասեանի ներկայութիւնը կարծես, այս հաւաքին կը փոխանցուէր Շանթ Աղբալեանի, Գոհար Յովհաննէսեանի, Կ. Սասունիի, այդ «Կերտող առաքեալներու» շունչն ու ոգին։ Հոն էին նաեւ Մ. Իշխանի, Գ. Բանեանի, Եոլանտ Աճեմեանի, Գ. Շահինեանի, Ե. Փամպուքեանի ինչպէս նաեւ Mme. Henriette-ի, Շաղիկ Մկրտիչեանի, Տիգրան Ճինպաշեանի աշակերտները։
Ձեռնարկը սկսաւ Ճեմարանի քայլերգով, յուզիչ վայրկեան մը ստեղծելով բոլորիս համար։ Ապա Սանահին Մասնաճիւղի ատենապետուհի՝ Թամար Շահինեան-Փօլատեան կատարեց ձեռնարկի բացումը եւ հրաւիրեց օրուան հիւրը փոխանցելու իր խօսքը։
Վաչէ Ծատուրեան նախ տեղեկացուց թէ ինք աւարտած է Ճեմարանը 1992-ին եւ այժմ փիլիսոփայութիւն կը դասաւանդէ Մ. եւ հ. Ասլանեան Ճեմարանի բարձրագոյն դասարանի աշակերտներու, ան ապա խօսեցաւ շրջանաւարտից միութեան իրավիճակի մասին, յիշելով որ վերջին տարիներու վարչութիւններուն կողմէ տարուած է յատուկ աշխատանք, որուն իբրեւ հետեւանք վերաշխուժացած է միութիւնը եւ զանազան հասութաբեր ձեռնարկներ կազմակերպելով գնահատելի մուտք ապահոված սաներու ֆոնտին։ Վ. Ծատուրեան յիշեց նաեւ որ 2013-ին պիտի նշուի Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան 85-ամեակը եւ Ճեմարանի Մըզհըրի հայաշատ շրջանը փոխադրուելուն՝ 25-ամեակը։
Ապա տեղի ունեցաւ տեսերիզներու ցուցադրութիւն, որոնցմէ առաջինը կ'անդրադառնար հայ դատի համար զոհուած ճեմարանական նահատակներուն, իսկ երկրորդը Ճեմարանի տնօրէն Տիգրան Ճինպաշեանի պատգամն էր։ Տ. Ճինպաշեան նշեց, թէ Ճեմարանը արդէն բոլորած է իր 82-րդ տարեշրջանը, դիմագրաւելով դժուարութիւններ, վարժարանը միշտ հետամուտ եղած է փոխանցելու մարդակերտումի եւ հայակերտումի իր սրբազան առաքելութիւնը։
Ներկաները մեծ հետաքրքրութեամբ հետեւեցան սփռուած տեսերիզներուն, երկար էր հարցումներու շարքը. Վ. Ծատուրեան տուաւ լայն բացատրութիւններ եւ հրաժեշտ առաւ մեզմէ, դարձեալ տեսնուելու փափաքով։ Նախքան մեկնիլը, ան ճեմարականներէն խնդրեց միշտ կապի մէջ ըլլալ եւ ողջ պահել ճեմարականներու կորիզը, եւ մանաւանդ նեցուկ կանգնիլ «Գաղափարի տաճար»ին։
Խումբ մը ճեմարականներու կողմէ պատրաստուած հիւրասիրութեան սեղանը, իր շուրջ բոլորեց դասընկերներ, բարեկամներ եւ մինչեւ ուշ գիշեր, յիշատակներով լի ժամերը սահեցան ակնթարթի մը նման։
Տիրուկ Մանճիկեան, Մայիս 2012