Հովանաւորութեամբ տէր եւ տիկին Նազարէթ եւ Սիլվա Սապունճեաններուն, կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին, Հինգշաբթի, 17 Դեկտեմբեր 2015-ին, երեկոյեան ժամը 6:30-ին, Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Նոր տարի, նոր յոյս» հաւաքական ցուցահանդէսը, որուն կը մասնակցին ինը գեղանկարիչներ, որոնց շարքին` Շարպել Սամուէլ Աուն, Տորին Խանամիրեան, Ժաքլին Օհանեան, Ժանեթ Յակոբեան եւ ուրիշներ:
Բացման խօսքը արտասանեց Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահի անձնակազմի անդամ Սիւզի Տէրտէրեան: Ան յայտնեց, որ այս հաւաքական ցուցահանդէսով, Համազգայինի ցուցասրահը կ՛եզրափակէ 2015 տարեշրջանի իր գործունէութիւնը: Հակառակ երկրին անբարենպաստ պայմաններուն, ցուցասրահը յաջողած է կազմակերպել եւ իրագործել տասը անհատական եւ հաւաքական ցուցահանդէսներ: Տէրտէրեան բացման խօսքը եզրափակեց մաղթելով, որ ցուցահանդէսին թեմային նման, նոր տարին իրեն հետ կը բերէ նոր յոյս, խաղաղութիւն եւ ուրախութիւն:
Սիւզի Տէրտէրեան խօսքը փոխանցեց գեղանկարիչ Ժաքլին Օհանեանին, որ մասնակից արուեստագէտներուն անունով շնորհակալութիւն յայտնեց Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին, յատկապէս ցուցասրահի տնօրէն Յակոբ Հաւաթեանին` կազմակերպուած այս ցուցահանդէսին համար...: