Համազգայինի Կիպրոսի «Սիփան» պարախումբի եւ մանկա-պատանեկան «Նանօր» պարախումբի ելոյթը այս տարի տեղի ունեցաւ 7 Մայիս 2016-ին Ստրովոլոսի քաղաքապետութեան հանդիսասրահին մէջ, արժանանալով սրահը ծայրէ-ծայր լեցուցած աւելի քան 800 հանդիսատեսներու հիացումին:
Ձեռնարկը կը վայելէր Կրթութեան եւ Մշակոյթի նախարար Կոստաս Կատիսի եւ հայ համայնքի պետական ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեանի հովանաւորութիւնը: Հրաւիրեալներու շարքին էին Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսիոյ, ինչպէս նաեւ տասնեակ մը այլ երկիրներու դեսպանները, երեսփոխաններ, կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներ, պետական բարձրաստիճան պաշտօնատարներ եւ մշակութային կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ:
Վարչութեան ատենապետ Արթօ Դաւիթեանի բացման խօսքէն ու նախարար Կատիսի ողջոյնի խօսքի ընթերցումէն ետք, բեմը բացուեցաւ ու հանդիսատեսներուն առջեւ պարզուեցաւ Նեմրութի հին աստուածներու աւերակ արձանախումբը ներկայացնող լայնատարած պաստառ մը, որուն առջեւ ընթացք առաւ «ՆԵՄԵՍԻՍ» բնաբանով յայտագրի գործադրութիւնը, պարուսոյց Գօգօ Քէլէշեանի գեղարուեստական ղեկավարութեամբ:
«Սիփան» պարախումբը գեղեցկօրէն կատարեց «Իշխանապար», «Վաղարշապատ», «Սպանական», «Լեզկինքա», «Շիրակի Տղաներ», «Տաւիղ», «Քամանչա» եւ «Գիւմրեցիք» պարերը, արժանանալով ներկաներու ջերմ գնահատանքին: Յատկապէս ողջունելի էր «Սպանական» պարի՝ սպանուհիներու եւ հայուհիներու փոխնիփոխ երեւումը, որ արուեստի գեղեցիկ պահեր ստեղծեց, շնորհիւ պարուսոյց Գօգօ Քէլէշեանի մտայղացումին:
«Նանօր» մանկա-պատանեկան պարախումբը խանդավառութեամբ ներկայացուց «Պարերու Շարան», «Ծաղկած Բալենի», «Հունգարական», «Տօնական» եւ «Ծափ-պար» պարերը, երկարատեւ ծափահարութիւններ խլելով հանդիսատեսներէն:
Երեկոն փակուեցաւ «ՆԵՄԵՍԻՍ» թեմայի ներկայացումով, որ պարարուեստի զգայացունց նմոյշ մը ըլլալէ զատ, «ՍԻՍ» վանկի շեշտադրումով կը խորհրդանշէր նաեւ Արեւմտահայաստանին վերատիրանալու գաղափարը: Տեսարանը բացուեցաւ գիւղական կնունքի մը խրախճանքով, որ յանկարծ կ՛ընդմիջուի ջարդով ու սարսափով: Կ՛երեւի ջարդարար ճիւաղը, որ կը հրճուի այս տեսարանով. քիչ ետք կ՛երեւի հայոց հայրապետը, որ եկեղեցական սպասները հաւաքելով ստիպուած կը հեռանայ Սիսէն: Սակայն շուտով տարագիր հայ զաւակներ կը լուծեն ազգին վրէժը՝ գետին փռելով մարդասպանը ու միանգամընդմիշտ լռեցնելով անոր հիւանդագին քրքիչը: Վերջին տեսարանը կը ներկայացնէր վրիժառուներուն պարը, որ վերջ գտաւ ներկաներուն որոտընդոստ ծափահարութիւններով:
Խուռներամ բազմութիւնը սրահէն մեկնեցաւ հայկական արուեստի հոյակապ երեկոյ մը վայելած ըլլալու արդար գոհունակութեամբ: Ակնյայտ էր պարախումբի մակարդակի բարելաւումը շնորհիւ պարուսոյց Գօգօ Քէլէշեանի անխոնջ ճիգերուն, ակնյայտ էր մանաւանդ՝ պարախումբերու անդամներուն, մեծ ու փոքր, սէրն ու համակրանքը անոր հանդէպ:
Կիրակի, Յունիս 5-ին նոյն յայտագիրը գործադրուեցաւ Լիմասոլի Լանիտիոն Կիմնազիումի սրահին մէջ խանդավառելով այդ քաղաքի փոքրաթիւ հայ համայնքը: Այս անգամ սակայն յայտագրի վերջաւորութեան ելոյթ ունեցաւ նաեւ Համազգայինի Պաֆոսի «Անի» պարախումբը, որ վերջերս կազմուեցաւ Պաֆոսի մէջ, մեծ զոհողութիւններով եւ աշխատանքով:
Համազգայինի Կիպրոսի «Օշական» մասնաճիւղի «Սիփան» ու «Անի» պարախումբերը, ինչպէս նաեւ մանկա-պատանեկան «Նանօր» պարախումբը, լուրջ դերակատարութիւն ստանձնած են մեր գաղութի նոր սերունդի հայապահպանութեան օրէ օր դժուարացող գործին մէջ: Համազգայինի այս յանձնառութիւնն ու նաեւ մշակութային միւս նախաձեռնութիւնները պէտք է արժանանան բոլորի անվերապահ քաջալերանքին ու աջակցութեան: