Առաջին անգամ ըլլալով՝ Ռոտոս կղզիին մէջ, Շաբաթ՝ 2 Սեպտեմբեր 2017-ի երեկոյեան, տեղի ունեցաւ Համազգայինի «Նայիրի» երկսեռ պարախումբի ելոյթը, որուն ներկայ գտնուեցան Յունաստանի Ռոտոս կղզիի քաղաքապետական, հարաւային Եգէականի մարզային իշխանութիւններու ներկայացուցիչներ, տեղական վարժարանային համակարգի ուսուցչական կազմեր եւ շատ մեծ թիւով յոյն եւ օտար զբօսաշրջիկներ ու տեղացի ժողովուրդ։
Համազգայինի «Նայիրի» պարախումբի 25 պարողներ, իրենց պարուսոյց Էտկար Եղեանի փորձառու ղեկավարութեան ու խնամքին տակ, ինչպէս նաեւ Յունաստանի Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ ընկ. Սիմոն Ասիպեանի եւ պարախումբի վարչութեան ջանքերով՝ եռօրեայ ճամբորդութիւն մը կատարեցին դէպի Ռոտոս, ներկայացնելու համար իրենց գեղեցիկ յայտագիրը։