Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, Չորեքշաբթի, 18 Ապրիլ 2012-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» կեդրոնի «Գ. եւ Հ. Արմէնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ասմունքի երեկոյ` նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան նահատակ բանաստեղծներ Սիամանթոյի, Դանիէլ Վարուժանի եւ Ռուբէն Սեւակի:
Բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան անդամ Սիլվա Քիւրքճեան: Ան նկատել տուաւ, որ երեկոյի ընթացքին տարբեր սերունդներէ անձեր կենդանի շունչ պիտի տան նահատակ բանաստեղծներուն` աւելցնելով, որ Սիամանթօ, Վարուժան եւ Սեւակ շատ բանաստեղծութիւններ չունին Եղեռնի մասին, որովհետեւ շատ երիտասարդ տարիքին նահատակուեցան:
Այնուհետեւ իբրեւ Հայոց ցեղասպանութենէն փրկուած եւ անոր մասին գրող առաջին բանաստեղծ Վահան Թէքէեանի քերթուածներէն մեկնաբանուեցան, ապա Դանիէլ Վարուժանի, Սիամանթոյի եւ Ռուբէն Սեւակի բանաստեղծութիւններէն փունջ մը ներկայացուեցան կատարողութեամբ Սագօ Եագուպեանի, Պարոյր Հայրիկեանի, Սեդա Գրիգորեանի, Նազօ Թովմասեանի, Արին Թաշճեանի, Լենա Արապօղլեանի, Մարալ Ղարիպեան-Գալեմքերեանի, Հրակ Տեմիրճեանի, Մուրատ Չորպաճեանի, Սերուժ Հանտեանի, Քրիստին Մխճեանի եւ Վարդան Ազնաւուրեանի: Երաժշտական բաժինով ելոյթ ունեցան Խաժակ Խաչատուրեան (ջութակ) եւ Նանի Գալուստեան (սրինգ):
Եզրափակիչ բաժինով ելոյթ ունեցաւ օրուան հիւրը` Սարգիս Տէր Խաչատուրեան, որ ասմունքեց Դանիէլ Վարուժանի «Վերածնունդ»-ը, Ռուբէն Սեւակի «Ջարդին խենթը» եւ Սիամանթոյի «Խեղդամահը»: