Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան 21 փետրուարին հրապարակած իր հրամանագիրով, Մայրենի լեզուի օրուան առիթով եւ հայ գաղթօճախներուն մէջ երկարամեայ հայապահպանման գործունէութեան համար նախագահական շնորհակալագիրով պարգեւատրեց պատմագէտ, մտաւորական եւ հասարակական գործիչ Երուանդ Փամպուքեանը:
Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութիւնը կը շնորհաւորէ Համազգայինի Հայագիտական Հիմնարկի երկար տարիներու տնօրէն Երուանդ Փամպուքեանը՝ նախագահական պարգեւատրման արժանանալուն համար: